2014-09-13 10:22:32

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզը Ռէտիփուլիայի յուշահամալիրին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին` ''Պատերազմը յիմարութիւն է'':


Առաջին աշխարհամարտի հարիւրամեակին առիթով, Շաբաթ, 13 սեպտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այցելութիւն կատարեց Իտալիոյ Ֆրիուլի-Վենեցիա – Ճուլիա մարզին մէջ գտնուող` Ֆոլիանօ - Ռէտիփուլիայի զինուորական յուշահամալիր, նուիրուած համաշխարհային Ա. Պատերազմի զոհերուն։
Նորին Սրբութիւնը ''Ռոնքի Տէյ Լէճոնարի'' օդակայան ժամանեց 8,50 անց ու ապա ինքնաշարժով ուղղուեցաւ յուշահամալիր ուր նախ այցելեց Ֆոլիանօ Ռէտիփուլիայի Աւստրա-հունգարական գերեզմանատունը` ուր թաղուած են Աւստրա-հունգարացի 14,550 զինուորներ։ Աղօթքի պահ մը ամփոփուելէ ետք, այնտեղ զետեղեց ծաղկեպսակ մը ու ապա ուղղուեցաւ Ֆոլիանօ Ռէտիփուլիայի զինուորական յուշահամալիր ուր նախագահեց Սուրբ Պատարագի բացօթեայ արարողութիւնը։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ ''պատերազմը յիմարութիւն է''. Մինչ Աստուած յառաջ կը տանի իր արարչագործութիւնը, մենք կանչուած ենք համագործակցելու այս գործունէութեան, մինչ պատերազմը կը քանդէ։ Կը քանդէ նոյնիսկ այն ինչ որ Աստուծոյ ստեղծագործութեան ամէնէն գեղեցիկն է` մարդ արարածը։ Պատերազմը կը խափանէ ամէն բան, նոյնիսկ եղբայրական կապերը. Պատերազմը յիմար է ու անոր զարգացումի ծրագիրը ոչնչացումն է։

Արծաթասիրութիւն, անհանդրժողականութիւնը, իշխանութեան ձգտումը....պատճառներ են որ կը մղեն պատերազմի եւ այդ պատճառները յաճախ արդարացում կը գտնեն գաղափարախօսութեան մէջ։ Եւ երբ գաղափարախօսութիւն կայ, կայ նաեւ Կայէնի պատասխանը` ''Չեմ գիտեր. Ինծի ինչ. Մի՞թէ եղբօրս պահակն եմ ես'' (Ծննդոց 4,9)։ Այստեղ հանգչող անձերը ունէին իրենց կեանքի երազները, ծրագիրներն ու ձգտումները, սակայն անոնց կեանքը խորտակուեցաւ` մարդկութիւնը ըսաւ` ''Չեմ գիտեր։Ինծի ինչ''։
Այսօր եւս երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մը ձախողութենէն ետք գուցէ կարելի է խօսիլ, զանազան մասերու բաժնուած երրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին, իր յանձագործութիւններով, ջարդերով եւ աւերումներով....
Հոս կը հանգչին բազմաթիւ զոհեր- ըսաւ հուսկ Քահանայապետը – հոս կայ լաց, ցաւ եւ յիշատակութիւն։ Այսօր եւս սակայն կան բազմաթիւ զոհեր ու կան անձնական շահեր, աշխարհաքաղաքական ծրագիրներ, դրամի եւ իշխանութեան սէր, զէնքի արտադրութեան գործարաններ որ այնքան կարեւոր կը թուին։ Ահաբեկչութիւն ու հակամարտութիւն ծրագրողները ու զէնքի վաճառականները իրենց սրտերուն մէջ գրած են ''Ինծի ինչ''։ Այս արտայայտութիւնը ողբի առիթ չի տար։ Կայէն չի լացաւ իր եղբօր մահը, եւ այս մարդիկը կորսնցուցած են արտասուքի կարողութիւնը։
''Զաւակի, եղբօր եւ Հօր սրտով ձեզմէ բոլորէդ ու մեզի բոլորիս համար կը խնդրեմ սրտի ապաշխարութիւն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզին աւարտին ու ապա հրաւիրեց ''Ինծի ինչ արտայայտութենէն անձնիլ արտասուքի. բոլոր այն ''անօգուտ ջարդի'' ու ամէն ժամանակաշրջանի անմիտ պատերազմներու զոհերուն համար''։ Եղբայրներ մարդկութիւնը սուգի կարիք ունի ու եւ այս ժամն է արտասուքի։

Ռէտիփուլիայի Առաջին աշխարհամարտի զոհերուն նուիրուած յուշահամալիրի տարածքին մատուցուած ս. Զոհի աւարտին, արտասանուեցաւ ''բոլոր պատերազմներու զոհերուն'' նուիրուած յատուկ աղօթք մը, հուսկ Նորին Սրբութիւնը արարողութեան ներկայ գտնուող բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ բանակի մատրանապետներուն յանձնեց խաղաղութիւնը խորհրդանշող ''ս. Ֆրանչիսկոսի կանթեղը'', նուիրուած` Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան կողմէ որուն վրայ փորագրուած է ս. Ֆրանչիսկոսի սա խօսքը ''այնտեղ ուր կը գերիշխէ խաւարը ըրէ որ ես լոյս տանիմ''։ Սոյն կանթեղները ապա պիտի վառուին, եպիսկոպոսներու եւ մատրանապետերու թեմական կառոյցներէն ներս կազմակերպած` առաջին աշխարհամարտի յիշատակին նուիրուած արարողութիւններու ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` ժամը 12-ին, հրաժեշտ առնելով ներկաներէն վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.