22 Ասկէ ետք` Յիսուս եւ իր աշակերտները եկան Հրէաստանի երկիրը. հոն կը կենար` անոնց հետ,
ու կը մկրտէր: 23 Յովհաննէս ալ կը մկրտէր Այենոնի մէջ` Սաղիմի մօտ, որովհետեւ հոն
շատ ջուր կար. կու գային եւ կը մկրտուէին, 24 որովհետեւ Յովհաննէս դեռ բանտը նետուած
չէր: 25 Ուստի վիճաբանութիւն մը եղաւ Յովհաննէսի աշակերտներէն [ոմանց] եւ *Հրեաներուն
միջեւ` մաքրութեան մասին: 26 Ու եկան Յովհաննէսի քով եւ ըսին անոր. “Ռաբբի՛, ա՛ն որ
քեզի հետ` Յորդանանի միւս կողմն էր, որուն մասին դուն վկայեցիր, ահա՛ ի՛նք կը մկրտէ ու
բոլորը կ'երթան անոր”: 27 Յովհաննէս պատասխանեց. “Մարդ մը ոչինչ կրնայ ստանալ` եթէ
երկինքէն տրուած չըլլայ իրեն: 28 Դո՛ւք ձեզմէ կը վկայէք ինծի համար` թէ ըսի. “Ես Քրիստոսը
չեմ, հապա ղրկուած եմ անոր առջեւէն”: 29 Ա՛ն որ ունի հարսը` անիկա՛ է փեսան. բայց
փեսային բարեկամը, որ կը կենայ եւ կը լսէ զայն, մեծապէս կ'ուրախանայ փեսային ձայնին համար:
Ուրեմն ահա՛ լիացած է իմ ուրախութիւնս: 30 Պէտք է որ ան մեծնայ, իսկ ես` պզտիկնամ”: 31
Ա՛ն որ կու գայ վերէն` բոլորէն վեր է: Ա՛ն որ երկրէն է` երկրաւոր է, ու կը խօսի երկրէն.
ա՛ն որ կու գայ երկինքէն` բոլորէն վեր է, 32 եւ ինչ որ տեսաւ ու լսեց` կը վկայէ անոնց
մասին, եւ ո՛չ մէկը կ'ընդունի անոր վկայութիւնը: 33 Ա՛ն որ կ'ընդունի անոր վկայութիւնը,
կը կնքէ թէ Աստուած ճշմարտախօս է. 34 որովհետեւ ա՛ն որ Աստուած ղրկեց` կը քարոզէ Աստուծոյ
խօսքերը, քանի որ Աստուած [անոր] չափով չի տար Հոգին: 35 Հայրը կը սիրէ Որդին, եւ
ամէն բան տուած է անոր ձեռքը: 36 Ա՛ն որ կը հաւատայ Որդիին` ունի յաւիտենական կեանքը.
իսկ ա՛ն որ չ'անսար Որդիին` պիտի չտեսնէ կեանքը, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը կը մնայ անոր
վրայ: