2014-09-12 13:08:49

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը Քոնկոյի եպիսկոպոսներուն։


Ուրբաթ 12 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը, ընդունելով Քոնկոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, անոնց ուղղած հայրական ճառին մէջ ըսաւ. ''սիրեցեալ եղբայրներ ի Քրիստոսւ, ձեր այս ուխտագնացութիւնը ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու գերեզմաններուն, առիթ մըն է սերտացնելու ձեր կապը Առաքելական Աթոռին, ու աշխարհի եպիսկոպոսներուն հետ''։
Ձեր վերադարձին հաղորդեցէք իմ ողջոյնս կղերին ու հաւատացեալներուն։ Գոհութիւն մատուցանենք Տիրոջ որ այնքա՜ն բարիքներ կը շռայլէ ձեր երկրին` Եկեղեցւոյ միջոցաւ։
Աւետարանի հաւատարմութիւնը կ'ենթադրէ որ Եպիսկոպոսը իմաստութեամբ առաջնորդէ եւ կառավարէ իրեն յանձնուած հօտը։ Բարի հովիւը կը ճանչնայ իր ոչխարները եւ ոչխարները կը ճանչնան զայն։
Ձեր եկեղեցին երիտասարդ է ու երիտասարդներու համար եղած է։ Անոնք կարիքը ունին Աստուծոյ զօրութեան որպէսզի հաստատ մնան հաւատքին մէջ։ Հետեւաբար հարկաւոր է զարգացնել անչափահասներու հովուութիւնը, անոնց ընծայելով պատշաճ հարմարութիւնները։
Աւետարանի հաւատարմութիւնը կ'ենթադրէ նաեւ սատարել երկրի բարգաւաճումին ու քաջալերել հասարակաց բարիքը։
Սիրեցեալ եղբայրներ ի Քրիստոս, կը հրաւիրեմ ձեզ անխոնջ աշխատելու ընկերութեան մնայուն խաղաղութեան ու արդարութեան վերահաստատումին համար, համագործակցելով կրօնական այլ յարանուանութիւններուն հետ – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ճառը եզրափակեց իր առաքելական օրհնութիւնը տալով եպիսկոպոսներուն, կղերին ու հաւատացեալներուն, հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը բոլորին վրայ եւ Քոնկոյի եկեղեցին յանձնելով Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.