2014-09-12 09:43:08

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը քաջալերէ եկեղեցական ցանցի մը ստեղծումը Ամազոնեան նահանգին համար։


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, անցեալ 10 Սեպտեմբերին ուղղած պատագամով մը, իր խնդակցութիւնը յայտնած է համա-Ամազոնեան եպիսկոպոսական համագումարին բացման առթիւ։
Ամազոնը կը նկատուի երկրագունդի թոքը։ Կաթողիկէ եկեղեցական հաստատութիւնները կ`աշխատին ստեղծել եկեղեցական ցանց մը դիմագրաւելու Պրազիլի ամազոնեան շրջանի բնապահպանման ու ընկերային հարցերը։ Համա-Ամազոնեան հանդիպումը (9-12 Սեպտեմբեր 2014) կազմակերպուած էր Պրազիլի եպիսկոպոսական դասէն եւ լատինամերիկայի եպիսկոպոոսական խորհուրդէն, երկրի Պրազիլիա մայրաքաղաքին մէջ։
Պատգամին մէջ, ուղղուած Փերուի Հունքայօ արքեպիսկոպոսին որ կը կրէ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարի ստորագրութիւնը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր ուրախութիւնը կը յայտնէ որ կղերական ցանցի ստեղծումին ի խնդիր ծրագիրը բնապահպանութեան համար, հետզհետէ մարմին կ`առնէ։
Անցեալ Յուլիս 2013-ին Նորին Սրբութիւնը ընդունելով Պրազիլի եպիսկոպոսները հրաւիրեց զանոնք պահպանել Ամազոնը` երկրագունդի թոքը, պաշտպանը հանդիսանալով բնութեան։ Յայտնենք որ 2015-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի հրապարակէ շրջաբերական թուղթ մը բնապահպանութեան ի խնդիր։







All the contents on this site are copyrighted ©.