2014-09-12 10:44:48

Սեպտեմբեր 19-20 Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը


Սեպտեմբեր 19-20 Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ եւ անդամներ, լրագրողներ, մշակոյթի, կրթութեան գործիչներ, գործարարներ եւ հոգեւոր դասի շուրջ 700 ներկայացուցիչ` աւելի քան 60 երկրէ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուականը:
Համաժողովին ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ հոգեւոր առաջնորդներ:
Համաժողովին պիտի քննարկուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ համազգային առաջնահերթութիւններու վերանայման, լրացման եւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:
Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն 100: Ճանաչումէն պահանջատիրութիւն» խորագիրը կրող լրագրողներու եօթերորդ համահայկական համաժողովը... որուն նաեւ հրաւիրուած է մասնակցելու Հռոմահայ գաղութէն մեր գործակիցը՝ տիկ. Սօնա Նիւրփէթլեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.