2014-09-12 09:37:08

Ռայի Պատրիարք. «Իրաքի Եւ Սուրիոյ դէմ այսօրուան սպառնալիքները աւելի ուշ կրնան հասցէագրել Ուաշինկթընը, Լոնտոնն Ու Փարիզը»


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հինգշաբթի, 11 սեպտեմբերին, ընդառաջեց Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան միութեան հրաւէրին եւ այցելեց անոր կեդրոնը, որ կը գտնուի Քոնկրեսի կառոյցին մէջ:
Իր խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ արաբական երկիրներուն եւ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն պարզած կացութեան` կոչ ուղղելով Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած սպանդները կասեցնելու:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ այսօրուան դրութեամբ քրիստոնեաները հալածելու իրականութիւնը առկայ է եւ անհրաժեշտ նկատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ բռնագրաւուած Սուրիոյ եւ Իրաքի գիւղաքաղաքները ազատագրուին:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ այս իրավիճակը շատ ցաւալի է` ընդգծելով, որ այդ գիւղաքաղաքներուն ազատագրումը կարեւոր է` նախքան հոն գտնուող մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ գոյութիւնը ջնջուի:
«Իրաքի եւ Սուրիոյ դէմ այսօրուան սպառնալիքները աւելի ուշ կրնան հասցէագրել Ուաշինկթընը, Լոնտոնն ու Փարիզը», եզրափակեց Ռայի պատրիարքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.