2014-09-11 09:21:04

Ֆրանսայի իսլամ պատասխանատուները պաշտպանը կը հանդիսանան Իրաքի քրիստոնեաներուն։


Փարիզի աւագ մզկիթը դատապարտեց Իրաքի մէջ գործադրուած մարդկութեան դէմ ոճիրները։ Ֆրանսայի մահմետական պատասխանատուները գլխաւորութեամբ Տալիլ Պուպաքէրի` տնօրէնը Փարիզի աւագ մզկիթին, անցեալ 8 Սեպտեմբեր 2014-ին, անգամ մը եւս վերահաստատած են Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրաւունքը ապրելու իրենց հայրենական հողերուն վրայ։
Փարիզի աւագ մզկիթին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոնք խստիւ դատապարտած են Իրաքի քրիստոնեաներու դէմ կատարուած ոճիրները, զանոնք որակելով որպէս մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիր` ուստի իսլամ պետութիւնը դատապարտութեան արժանի է։
Իսլամ պատասխանատուները միացեալ կոչ ըրած են եւ ստորագրած ''Փարիզի կոչ'' անուամբ բնագիր մը։ Անոնք անվերապահօրէն կը պաշտպանեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եղբայրները, որոնք կը նկատեն այդ աշխարհամասին ամենահին բնակիչները եւ անոնցմէ կը խնդրեն հաստատ մնան ու ապրին իրենց հողին վրայ, ամենայն արժանաւորութեամբ ու անվտանգութեամբ ու ամենային ազատութեամբ ապրին իրենց հաւատքը, ինչպէս միշտ կատարած են մինչեւ օրս։
Կազմակերպիչները կը նախատեսեն կազմակերպել միջազգային ժողով մը այդ նիւթին մասին Փարիզի մէջ` 2014-ի աւարտին եւ կը խնդրեն որ ուրբաթ 12 Սեպտեմբերին ֆրանսայի ու Արեւմուտքի բոլոր մզկիթներուն մէջ աղօթքեր նուիրուին Միջին Արեւելքի զոհուած քրիստոնեայ մեր եղբայրներուն ի յիշատակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.