2014-09-11 10:07:41

Հայաստան պաշտօնապէս կ՛ողջունէ Յունաստանի որոշումը


Հայաստան կ՛ողջունէ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Սեպտեմբեր 9ին վաւերացուած օրէնքը, որ կը քրէականացնէ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այս առթիւ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի. «Այս քայլով Յունաստանը եւս մէկ անգամ ապացուցեց իր հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներին եւ կարեւոր քայլ կատարեց՝ ցեղասպանութիւնների եւ մարդկութեան դէմ այլ ծանր յանցագործութիւնների կանխարգելման ուղղութեամբ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.