2014-09-11 09:38:55

Խօսէ ինծի Հայ Եկեղեցիին մասին


«Ուրիշ»ի մը գոյութիւնը

Առաջին բանը որ մարդը հասկցաւ, ա'յն է թէ ի'նքը չէ զինք շրջապատող աշխարհին գոյութեան եւ օրէնքներուն հեղինակը: Ու այա իր մէջ կ'արթննայ այն զգացումը թէ իրմէ դուրս եւ իրմէ զօրաւոր «Ուրիշ» մը կայ: Իրմէ զատ գոյութիւն ունեցող այս «Ուրիշ»ը կը կառավարէ իր բնական աշխարհը եւ իր կեանքը: Ո՞վ է այդ «Ուրիշ»ը: Բոլոր ժողովուրդ-ները նոյն եզրակացութեան յանգեցան թէ «Ուրիշ» մը կայ եւ թէ իրենց ամէն ինչը կախում ունէր անկէ: Ամէն ազգ պատկերացուց այդ «Ուրիշ»ը իր զարգացումին չափով ու իրարմէ տարբեր ձեւերով:
Ի՞նչ եղաւ մարդոց առաջին հակազդեցութիւնը այս «Ուրիշ»ին դիմաց:
Մարդիկ նախ եւ առաջ վախցա'ն անկէ..., վախցան որ չըլլայ թէ այդ «Ուրիշ»ը իրենց հետ թշնամանար ու վնաս հասցնէր: Ուստի ուզեցին սիրաշահիլ այդ «Ուրիշ»ը եւ այա' անոնք յաջորդաբար անոր զոհեր մատուցին, տաճարներ կանգնեցին եւ անոր երկրպագութիւն ըրին: Մին` այս «Ուրիշ»ը արեւի մէջ տեսաւ ու արեւը պաշտեց, միւսը լուսինը, միւսը կրակը: Ու այսպէս` նախամարդը իր ուժերուն ձգուած` չկրցաւ ճշմարիտ Աստուածը ճանչնալ` որուն հետեւանքով ծագում առին աշխարհիս տարբեր պաշտամունքներն ու կրօնները:
Կրօնական այս զգացումին ծագումը բացատրելու համար` ընկերաբանները զանազան տեսութիւններ մշակեցին: Ահա այս տեսութիւններէն մի քանիսը:


    Բնապաշտութիւն (Naturisme)



Գերման ընկերաբան Մաքս Միւլլէր, որ համեմատակն կրօնագիտութեան հայրը ճանչցուած է, կ’ըսէ թէ կրօնին իսկսկան սահմանունը տալու համար` աւելի հեշտ է զայն նկարագրել քան թէ բացատրել:Ան կը հաստատէ թէ ամէն կրօնի առաջին յատկա-նիշերէն է “Անսահմանի մը հանդէպ հաւատքը”: Անսահման կը նշանակէ մարդուն ուժերէն վեր գոյութիւն մը: Նախամարդը Անսահմանի մը գոյութիւնը կանուխէն ճանչցած եւ ընդունած էր: Նախամարդը դարեր առաջ նկատելէ ետք թէ այս Անսահմա-նին պատճառը ինքը չէ, եզրակացուց թէ ըլլալու է “Ուրիշ” մը որ այս բոլորին սկզբնապատճառն է, որուն ենթարկուած է ամէն ինչ:
Ըստ բնապաշտութեան, նախամարդը այս “Ուրիշ” ին տուաւ բազմատեսակ անուններ, զայն կոչեց Շանթ, Գետ, Ծով, Կրակ: Ապա երկրորդ հանգրուանին, մախամարդը աւելի վեր բարձրանալով այս տեսանելի երեւոյթներէն` Անտեսանելին կոչեց Պատճառ, Արարիչ, Պահապան, Տէր:
Արդի զարգացած մարդը եւս իր հերթին` իր կատարելագործած գիտութենէն մղուած, դարձեալ հանդիպեցաւ Անսահմանին առեղծուածին:
Ասիկա է կրօնական գիտակցումին ծագումը, ըստ բնապաշտ դպրոցին:







All the contents on this site are copyrighted ©.