2014-09-10 09:38:30

''Միջազգային միջամտութիւնը հարկաւոր է մենք առանձին կարող չենք դիմանալ'' ըսաւ Սաքօ Պատրիարքը։


Քաղտէացիներու Պատրիարք Լուիս Ռաֆայել Սաքօ, Սանդէճիտիոյ հասարակութեան Պելկիայի ''Անվերս'' քաղաքին մէջ կազմակերպած` խաղաղութեան ի սպաս հաւաքին ընթացքին խօսք առնելով ըսաւ ''մենք զօրաւոր ենք որովհետեւ մեր քրիստոնէական հաւատքը գաղափարախօսութիւն մը չէ, շահադիտում մը չէ այլ ապրում մըն է`սէր է։
Մեզի համար հաւատալ կը նշանակէ սիրել։ Պատրիարքը ցաւով անդրադարձաւ այն ծայրայեղ մահմետականներուն, որոնք Արեւմուտքէն կու գան մաս կազմելու իսլամական պետութեան, ''ասոնք աւելի վտանգաւոր են քան արաբները որովհետեւ մղուած են գաղափարախօսութենէ մը որ կ՛ուզէ կազմել բարոյական եւ իտէալ պետութիւն մը''։ ''Ի՞նչպէս պատասխանել այս վերջիներուն'' հարց տուաւ Պատրիարքը ու ապա ընդգծեց թէ ''եթէ մահմետականները կ`ուզեն որ իսլամութիւնը ընդունելի դառնայ եւ ապագայ մը ունենայ պէտք են քաջութիւնը ունենալ ըսելու ճշմարտութիւնը, որոնելով լուծումներ։ ''Այսօր, իրենց այս մտայնութեամբ ու գաղափարախօսութեամբ որ կը պայքարի կեանքի ու մշակոյթի դէմ ո՞ւր կ`ուզեն հասնիլ'', հարցադրեց Քաղտէացիներու Պատրիարքը։ Քրիստոնեաները հալածելէ ետք կարգը պիտի քայ իսլամներուն։ Իսլամական պետութիւնը նեցուկը կը վայելէ բազամթիւ իսլամ պետութիւններու։ Շատ զէնք ու դրամ ունի։ Ու՞րկէ կու գայ այս ամէնը։ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները մեծապէս սատարեցին արաբական եւ իսլամական մշակոյթին։ Հարկաւոր է վերադաստիարակել մարդիկը համակեցութեան, պատասխանատուութեան ու յարգանքի։ ''Քաղաքացիութիւնը արաբական աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի հոն կը գերիշխէ միմիայն կրօնքը'' եզրափակեց Պատրիարքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.