2014-09-10 09:43:28

ՄԱԿի տուեալներու գնահատումով իսլամական պետութիւնը ջարդած է աւելի քան 700 անչափահասներ։


Յունուար 2014էն այսօր` իսլամական պետութեան զինուորները Իրաքի մէջ ջարդած են աւելի քան 700 անչափահասներ։
''AsiaNews'' լրատու գործակալութեան համաձայն Միջին Արեւելքի մէջ աւելի քան 30 միլիոն անչափահասներ ուսումէն զրկուեցան պատերազմի պատճառաւ։
ՄԱԿին գնահատումով, միմիայն անցեալ ամիս, իսլամական պետութիւնը իր կատարած յարձակումներուն ընթացքին սպաննած է 1420 անձ։ Իսկ մէկ տարուայ ընթացքին 1 միլիոն 600 հազար Իրաքցիներ տեղահան եղած են բռնութիւններու հետեւանքով, անոնց կարգին կան քրիստոնեաներ, եազիտիներ եւ թուրքմաններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.