2014-09-10 09:43:38

Հայր Լեւոն Վրդ. Զէքիանի եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը 13 սեպտեմբերին։


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ, անցեալ 21 Մայիս 2014-ին, նշանակուած Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայերու առաքելական կառավարիչ` որպէս Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Ամիդայ, Հայր Լեւոն Վրդ. Զէքիան, Սուրբ խաչի Նաւակատեաց երեկոյ` յառաջիկայ 13 սեպտեմբեր 2014-ին, ժամը 16.30-ին, թեմի առաջին Աթոռանիստ Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, պիտի ընդունի եպիսկոպոսական օծումը, ձեռամբ Տանն Կիկիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս – Պատրիարքին։

Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանը ծնած է Իսթանպուլ` 21 հոկտեմբեր 1943-ին։ 12 տարեկանին մտած է Վենետիկի Մխիթարեաններու միաբանութեան դպրեվանքը։ 1964-ին կը կատարէ իր կրօնաւորական ուխտերը եւ 21 Մայիս 1967-ին քահանայ կը ձեռնադրուի։ 1993-ին կը դառնայ Վենետիկի Պատրիարքութեան թեմի անդամ։
Գերապայծառ Զէքիեանը իր առաքելական ծառայութիւնը մատուցած է Վենետիկի Սփիւռքահայութեան, յատուկ կերպով նուիրուելով համամիութենական ասպարէզին, յատկապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ կապեր մշակելով։
Գերայածառ Զէքիեանը երկար տարիներով եղած է Վենետիկի Քա՛ Ֆոսքարի համալսարանի Հայ Լեզուի եւ մշակոյթի դասախօս։ Ան եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան ակատեմիայի դասախօս, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի խորհրդատու։
Նորընծայ Արքեպիսկոպոսը եպիսկոպոսական առաջին հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ Խաչվերացի կիրակի առաւօտ, Սագըզաղաճի Ս. Աստուածածին աթոռանիստ եկեղցւոյ մէջ ժամը 11-ին։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի ներկաները պիտի հիւրասիրուին Արքեպիսկոպոսարանի
դահլիճին մէջ։
Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը կը շնորհաւորէ գերապայծառ Զէքիեանը, անոր մաղթելով Աստուածանուէր բեղուն առաքելութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.