2014-09-10 13:43:08

Կարտինալ Սանտրիի միջամտութիւնը Ուաշինկթոնի քրիստոնեաներու պաշտպանութիւն ընկերակցութեան վեհաժողովին:


Միացեալ նահանգներու Ուաշինկթըն քաղաղքին մէջ, 9-էն 11 սեպտեմբեր, տեղի կ՛ունենայ ՝՝Թիկունք կանգնիլ Քրիստոնենաներու՝՝ անուամբ հաստատութեան վեհաժողովը, ներկայութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ Կարտինալ Սանտրիի, ինչպէս նաեւ Արեւելքի զանազան եկեղեցիներու Պատրիարքներուն։

Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ. Կարտինալ Սանտրի, գնահատեց ներկայութիւնը ըլլայ քրիստոնեայ ըլլայ այլ կրօններու մասնակցութիւնը հաւաքին, միասնաբար պաշտպանելու դիտումով մարդու ազատութիւնն ու անոր արժանապատուութիւնը։

Կարտինալ Սանտրի մէջբերելով Պենետիկտոս ժԶ վաստակաւոր Քահանայապետի խօսքը՝ հայող Միջին Արեւելքին ''դիտել Միջին Արեւելքը Աստուծոյ հեռանկարով''
ըսաւ. ''Այսօր Միջին Արեւեքին մէջ գտնուող մեր քոյրերն ու եղբայրները ինչպէս նաեւ անոնց պատմական վայրերը՝ որ երկու հազար տարիներէ ի վեր կը գոյատեւեն, կը բախեն բոլոր ազգերու դռները, լսելի դարձնելու համար իրենց աղաղակը։

Կարտինալ Սանտրի անդրադառնալով, Միջին Արեւելքէն հասած ողբերգական լուրերուն եւ յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇԻ գործադրած անմարդակային արարքներուն՝ քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութիւններուն դէմ, վերանորոգեց իր խնդրաքը ուղակի կամ անուղակի կերպով հակադարցելու քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմավարական աջակցութիւնը ՏԱՀԵՇ-ին, ու դատապարտեց Միջազգային կազմակերպութեան եւ հանրութեան լրութիւնը՝ հանդէպ սոյն կացութեան ։

Կարտինալ Սանտրի ակնարկելով Միջին Արեւելքի մէջ Քրիստոնեայ եւ Մահմետական հաւատացեալներու միջեւ դարերու համակեցութիւնն ու խաղաղ կեանքը, գնահատեց Քրիստոնեաներու սատարած գործունէութինը՝ շրջանի բարգաւաճումին ի խնդիր, ինչպէս նաեւ Մահմետական ժողովուրդին բարեկեցութիւնը։ Ան հաստատեց թէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմները՝ տնտեսական բնոյթ ունեցող պայքարներ են, որոնք կը սատարեն զարգացնելու զինավաճառութիւնը։

Իր խօսքին աւարտին կարտինալ Սանտրին խօսքը ուղելով համաժողովին ներկայ գտնուող Կաթողիէ եւ Օրթոտոքս Պատրիաքներուն ըսաւ. '' ձեզմէ իւրաքանչիւրը, ձեր եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն միջոցով, ձեր վկայութիւնը տուիք որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ, ուր՝ Ան կը շարունակէ ապրիլ իր չարչարանքը Եկեղեցւոյ անդամներուն մէջ։ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը ապա եզրափակեց ըսելով. ''չենք ուզեր հաւատալ Միջին Արեւելքի մը առանց քրիստոնեաներուն, երբեք չթողունք որ դադրի՝ Սիրոյ քաղաքակրթութինը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.