2014-09-10 13:42:49

Աւստրիոյ Կառավարութիւնը եւս 600 հազար եւրօ կը տրամադրէ ''Սուրիահայերու Աջակցութեան''։


Աւստրիոյ արտաքին գործերու նախարար Սեբաստիան Կուրց իրեն ուղեկցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Հայկական կարմիր խաչի ընկերութիւն, ուր ծանօթացաւ աւստրիական կառավարութեան կողմէն ֆինանսաւորուած «Աջակցութիւն սուրիահայերուն» ծրագրի արդիւնքներուն:
«Մենք քաջատեղեակ ենք, որ յատկապէս փախստականները բաւականին խոցելի իրավիճակի մէջ են, եւ ծրագիրը օգտակար է անոնց կեանքի որակը բարելաւելու համար: Ես ուրախ եմ յայտնելու ձեզի, որ մենք պիտի շարունակենք ծրագրին օժանդակել, եւս 600 հազար եւրոյ պիտի ներդնեն այս ծրագրին»,- ըսաւ Սեբաստիան Կուրցը:
Աւստրիական կառավարութիւնը 600 հազար եւրօ փոխանցած է Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան ու «Հայկական կարիտասին», որպէսզի վերջինները իրականացնեն «Աջակցութիւն սուրիահայերուն» ծրագիրը: Ծրագրի արդիւնքով 300 կարիքաւոր ընտանիք վեց ամիս շարունակ ստացած է մաքրութեան պարագաներ, ձմեռնային հագուստ, կօշիկ, անոնցմէ ոմանք օգտուած են առողջապահական եւ պիզնես աջակցութեան ծրագերէն: Եւս 100 ընտանիք վեց ամիս շարունակ ստացած է աջակցութիւն` բնակարաններ վարձակալելու նպատակով, ինչպէս նաեւ ստացած է տաք հագուստ, դեղորայք, սննդամթերք








All the contents on this site are copyrighted ©.