2014-09-09 08:50:35

Օպամա 10 սեպտեմբերին պիտի ներկայացնէ Իրաքի մէջ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարի ռազմավարութիւնը


«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ 10 սեպտեմբերին պիտի ունենայ հրապարակային ելոյթ մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացնէ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի իր ռազմավարութիւնը:
Ամերիկեան «Էն. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Օպամա ըսած է. «Ես կը նախապատրաստեմ երկիրը անոր, որ պայքարի Իսլամական պետութենէն եկող սպառնալիքին դէմ»:
Միացեալ Նահանգներ օգոստոսէն ի վեր օդուժի միջոցով կը հարուածեն դիրքերը ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն, որոնք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ հսկայական տարածքներ գրաւած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.