2014-09-09 09:03:22

Խաչը անհրաժե՞շտ էր


RealAudioMP3 Ինչու՞ Յիսուս ուզեց մեզ փրկել յատկապէս խաչի մը վրայ։
Խաչը որուն վրայ անմեղ Յիսուսը սպաննուեցաւ վայրագ կերպով` վայրն է ամէնէն ամբողջական խոնարհեցումին եւ լքումին։ Քրիստոս` մեր Փրկիչը, ընտրեց խաչը որպէսզի կրէր աշխարհի մեղքը եւ տառապէր աշխարհի ցաւով։ Այսպէսով` իր կատարեալ սիրով, ան աշխարհը դարձուց դէպի Աստուած։
Աստուած չէր կրնար ցոյց տալ իր սէրը աւելի ազդու կերպով եթէ ոչ` թողլով որ զինք գամեն խաչի վրայ, մեզի համար, յանձին իր Որդւոյն։ Խաչելութիւնը հին դարերու մահապատիժներուն ամէնէն անարգականն ու դաժանն էր։ Ինչ ալ ըլլար Հռովմէական ինքնութիւն ունեցող անձերուն յանցանքը, իրաւունք չունէին զիրենք խաչելու։ Յիսուս այսպէսով մուտք գործեց մարդկութեան ամենախորին չարչարանքներու ծիրէն ներս։ Ասկէ վերջ ոչ մէկը իրաւունք ունի ըսելու թէ Աստուած չի հասկնար իմ տառապանքներս։
Ինչու՞ մենք եւս պէտք ենք ընդունիլ տառապանքը մեր կեանքին մէջ, կրել մեր խաչը եւ հետեւիլ Յիսուսի։
Քրիստոնեաները պէտք չեն փնտռել տառապանքը ինքնին, սակայն երբ բախին անխուսափելի տառապանքի մը, աւելի իմաստալից կ՛ըլլայ երբ միացնեն իրենց տառապանքները Քրիստոսի չարչարանքին. Պետրոս առաքեալ կ՛ըսէ. ՙՔրիստոս եւս չարչարուեցաւ ձեզի համար, թողլով ձեզի օրինակ մը, որպէսզի հետեւիք դուք ալ իր հետքերուն։՚ (Ա. Պետրոս 2,21)։
Յիսուս ըսաւ. Եթէ մէկը ուզենայ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ հետեւի ինծի (Մարկոս 8, 34)։ Քրիստոնեաները պարտականութիւնն ունին պայքարելու աշխարհի մէջ եղող տառապանքին դէմ։ Եւ սակայն չարչարանքը պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ։ Հաւատքով` կրնանք ընդունիլ մեր տառապանքը եւ բաժնեկից ըլլալ ուրիշներու տառապանքին։ Այս ձեւով` մարդկային տառապանքը կ՛ընդելուզուի Քրիստոսի փրկարար սիրոյն եւ կը կազմէ մաս աստուածային զօրութեան, որ կը քաշէ աշխարհը դէպի երջանկութիւն։
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.