2014-09-09 08:47:39

Եկեղեցական հակիրճ լուրեր


Վիէթնամ- Սուրբ Աթոռ համագործակցութիւն յանձնախումբի 5-րդ հանդիպումը
10 եւ 11 սեպտեմբերին, Վիէթնամի Հանոյ քաղաքին մէջ, տեղի կ՝ունենայ Վիէթնամ - Սուրբ Աթոռ համագործակցութեան ծիրէն ներս, երկու պետութիւններու միջեւ 5-րդ հանդիպումը որուն ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զարգացումները։ Նշենք, վերոյիշեալ յանձնախումբը իր վերջին հանդիպումը կատարած է Վատիկանի մէջ, անցեալ յունիս 2013-ին։

10-էն 19 սեպտեմբեր, Միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի, 18 եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, առաջնորդութեամբ եպիսկոպոսաց դասի`արդարութիւն եւ խաղաղութիւն յանձնախումի նախագահ՝ գերապայծառ Ռիչարտ Փաթէսի, ուխտագնացութիւն կը կատարեն Երուսաղէմ, որպէս կէտնպատակ ունենալով շրջանին մէջ խաղաղութեան զարգացումը։

Իսկ Հինգշաբթի, 11 սեպտեմբերին, կը յիշատակուի, Միացեալ նահանգներու դէմ կատարուած ահաբեկչական ամենամեծ արարքի 13-րդ ամեակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.