2014-09-08 10:53:40

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Սանդէճիտիոյ հասարակութեան ''Անվերսայի'' մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան ի նպաստ հաւաքին։


7 – 9 սեպտեմբեր 2014, Ֆրանսայի Անվերսա քաղաքին մէջ, Իտալական Սանդէճիտիոյ հասարակութիւնը կազմակերպած է միջազգային հաւաք մը ի նպաստ խաղաղութեան, որուն կը մասնակցին աշխարհի բազմաթիւ վայրերէն ժամանած, զանազան կրօններու պատասխանատուներ։
Տեղական թեմին եպսիկոպոս` Գերապայծառ Ժոան Ժոզէֆ Պոնիի ուղարկած պատգամին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անորմէ խնդրեց որ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին փոխանցէ իր ողջոյնն ու գնահատանքը, ի տես հաւաքին որ ''ներշնչուած Ասիզիի հոգիէն համախմբած է այրեր ու կիներ` աղօթքի եւ երկխօսութեան ուխտագնացութեամբ'', որպէս նիւթ ունենալով ''Խաղաղութիւնն ու ապագան'' որ կ՛ոգեկոչէ առաջին աշխարհամարտի սկիզբի ողբալի հարիւրամեակը։
Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ ըդնգծեց թէ` այս օրերուն ''շատ մը ժողովուրդներ կարիքը ունին խաղաղութեան ճանապարհը գտնելու'' եւ թէ ''այս յոբելեանը մեզի կը սորվեցնէ թէ Պատերազմը երբեք բաւարար միջոց մը չէ, կասեցնելու անարդարութիւնները եւ հաւասարակշիռ լուծումներ գտնելու քաղաքական եւ ընկերային պայքարներուն''։
''Ամէն մէկ պատերազմ, այնպէս ինչպէս հաստատած է Պենետիկտոս ԺԵ երջանկայիշատակ քահանայապեը 1917-ին, ''անպէտ կոտորած մըն է''։ Պատերազմը ժողովուրդներ կը մղէ բռնութեան անել հոսանքի մէջ, ուրտեղէն դժուար է դուրս գալ։ ''Պատերազմը կը քանդէ ամբողջ սերունդներու աշխատանքը ու ճամբայ կը բանայ նոր անարդարութիւններու եւ աւելի վատ հակամարտութիւններու'' գրեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ, ապա ականրկեց այն բազմաթիւ պատերազմներուն որոնք այս օրերուն կը յուզեն մարդկային ընտանիքը եւ կը կործանեն երիտասարդներու ու տարեցներու կեանքը, թունաւորելով համակեցութիւնը ընդմէջ ցեղային եւ կրօնական հասարակութիւններու, ողջ ընտանիքներ մատնելով գաղթականութեան։ Բացայայտ է թէ այս իրողութեան ու տառապանքի դիմաց կարելի չէ անտարբեր մնալ - նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով թէ - ասոր համար է որ մեր կրօնական տարբեր աւանդութիւնները կարող են իրենց սատարը տալ խաղաղութեան ու հաստատելով թէ ''Այս կարելի է ընել աղօթքի զօրութեամբ, որուն առընչուած է երկխօսութիւնը''։
Սրբազան Հայրը ապա մաղթանք յայտնեց որ գումարուած հաւաքը առիթ հանդիսանայ յիշեցնելու որ խաղաղութեան փնտռտուքը երկխօսութեան միջոցաւ կարելի կը դարձնէ միութեան կապերը։ Պատերազմին կարելի է միշտ այլընտրանք մը գտնել` երկխօսութեան ու հանդիպումի ճանապարհը եւ ճշմարտութեան անկեղծ փնտռտուքի ուղին։
Պատգամին աւարտին Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ ժամն է հասած որ կրօնապետերը յանձնառումով համագործակցին խաղաղութեան փնտռտուքի ի սպաս, դառնալով խաղաղութեան այրեր եւ կիներ։ ''Պէտք ենք ըլլալ խաղաղութիւն կառուցողներ ու մեր հասարակութիւնները դառնալու են յարգանքի եւ երկխօսութեան դպրոցներ, միասնաբար կերտելու համար աւելի լաւ ապագայ մը եկող սերունդներուն համար։
''Այս զգացումներով բոլորիդ վրայ կը հայցեմ խաղաղութեան Աստուծոյ առատ օրհնութիւնները'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը, 26 օգոստոս 2014 թուակիր, պատգամը աւարտելով, որուն ընթերցումը կատարուեցաւ Կիրակի, 7 սեպտեմբերի յետմիջօրէին։








All the contents on this site are copyrighted ©.