2014-09-08 09:33:29

Յառաջիկայ 28 Սեպտեմբերը աղօթքի օր նուիրուած ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կիրակի, 28 Սեպտեմբերը աղօթքի օր հռչակած է, եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին համար, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկան 5-19 հոկտեմբեր եւ որուն նիւթն է. ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանացումի հայացքով''։
Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը կը հրաւիրէ տեղական եկեղեցիները աղօթելու եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի դիտաւորութեան, գումարուելիք ժողովէն առաջ եւ ժողովին ընթացքին, որպէսզի Ս. Հոգին լուսաւորէ եւ օրհնէ հայրապետներու աշխատանքը։
Հռոմի Տիրամօր ''Մարիա Մաճճորէ'' աւագ Պազիլիքային մէջ` '' Սալուս Փոփուլի Ռոմնաի - Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն'' Տիրամօր մատրան մէջ, աղօթքներ պիտի կատարուին, որուն մասնակցելու հրաւիրուած են հաւատացեալները։
Սրբազան Հայրը ընտանիքներէն կը խնդրէ որ Մարեմեան ս. վարդարանը արտասանուի այդ դիտաւորութեան համար։
Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը մօտ օրէն կը հրապարակէ, զանազան լեզուներով, ֆրանչիսկոս Քահանայապետին անցեալ 29 դեկտեմբերին շարադրած աղօթքը ուղղուած ս. Ընտանիքին։ Այս աղօթքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը խնդրէ որ մեր ընտանիքները ըլլան վայրը հաղորդակցութեան եւ ոչ բաժանումի, բռնութեան ու կղզիացումի եւ որ անոնք որ վիրաւորուած են Տիրոջմէն ընդունին մխիթարութիւն եւ սփոփանք։ Աղօթքը կ`եզրափակուի աղերսով մը` ''Նազարէթի ս. Ընտանիք յառաջիկայ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը ամէնուն գիտաից դարձնէ ընտանիքի նուիրականութիւնը, անձեռնմխելիութիւնը ու գեղեցկութիւնը Աստուծոյ ծրագիրին ներքոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.