2014-09-08 10:06:31

Կարտինալ Անճելօ Պանիասքոյի այցը Էջմիածին


Շաբաթ, 6 սեպտեմբերին, Իտալիոյ Ճէնովա թեմի խումբ մը ուխտաւորներ, առաջնորդութեամբ թեմին Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Անճելօ Պանիասքոյի,
Հայաստաան կատարած ուխտագնացուցեան ծիրէն ներս, այցելութիւն կատարեցին Էջմիածին ուր հանդիպում ունեցան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Հայրապետին հետ։
Ողջունելով ուխտաւորներուն այցը` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը առաջին հերթին ընդգծեց Քոյր Եկեղեցիներու տարբեր թեմերու ու կառոյցներու կողմէն Հայաստան կատարուող նմանօրինակ ուխտագնացութիւններուն կարեւորութիւնը, որոնք մեծապէս կը զօրացնեն միջեկեղեցական փոխադարձ կապերը:
Գարեգին Բ, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի անցած պատկառելի ուղին, գոհունակութեամբ նշեց այն յատկորոշ իրողութիւնը, թէ ինչպիսի կարեւոր առաքելութիւն է ունեցած քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդի ինքնութեան կերտման, փրկութեան եւ յարատեւութեան մէջ, եւ թէ ինչպէս հայ ժողովուրդը, քրիստոնէական զօրեղ հաւատքի շնորհիւ պատուախնդրօրէն յաղթահարելով իրեն բաժին հասած բոլոր փորձութիւններն ու արհաւիրքները, այսօր անկախ պետականութեան ներքոյ կը կերտէ իր կեանքը:
Իր կարգին, Համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին այցի առիթով իր ուրախութիւնն արտայայտեց կարտինալ Անճելօ Պանիասքօն, ներկայացնելով Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան մասին իր տպաւորութիւնները:
Հանդիպումի աւարտին, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը փառաբանական աղօթք բարձրացուց առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի Երկնաւորի ողորմածութեամբ Քրիստոսի Եկեղեցին մշտապէս յարատեւէ եղբայրասիրութեան ոգիով եւ համընդհանուր ջանքերով փորձի դիմագրաւել ներկայ կեանքի բոլոր մարտահրաւէրները, իսկ մարդկութիւնը խաղաղ ու երջանիկ կեանքով ապրի աւելի բարուոք ու գեղեցիկ աշխարհի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.