2014-09-08 09:54:11

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութիւն գոյացուցած են ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներու դէմ միջոցառումներ որդեգրելու:


Կիրակի, 7 սեպտեմբեր 2014-ին, Գահիրէի Արաբական լիկայի Գահիրէի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Պաղեստինի, Իրաքի եւ Սուրիոյ վերաբերող հարցերը: Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ներկայ նստաշրջանի նախագահութիւնը ստանձնեց Մաւրիտանիան:
Նախքան պաշտօնական նիստը տեղի ունեցած խորհրդակցական ժողովի ընթացքին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ առաջարկեց, որ լիկային հրապարակելիք որոշումին խորագիրը ըլլայ արաբական աշխարհի կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմի յայտարարութիւնը:
Նիստի ընթացքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի, անդրադառնալով Սուրիոյ, Իրաքի, Պաղեստինի եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց, յայտնեց, որ արաբական աշխարհի դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը ՏԱՀԵՇ-ն ու «բոլոր ահաբեկչական, կրօնական եւ ծայրայեղական խմբաւորումներ են»` պահանջելով, որ արաբական յստակ եւ վճռական որոշում մը որդեգրուի ահաբեկչութեան դէմ զինուորական եւ քաղաքական արշաւի մը ձեռնարկելու` զինուորական, գաղափարախօսական, ապահովական, մշակութային եւ տնտեսական համապարփակ դիմակայման ճամբով:
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութիւն գոյացուցած են ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներու դէմ միջոցառումներ որդեգրելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.