2014-09-07 12:21:58

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ Ուգրանիոյ ի նպաստ կոչը։


Կիրակի, 7 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ:
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումի մասին ուր Յիսուս կը սորվեցնէ ներել մեր եղբայրները, անոնց ցուցաբերելով ողորմածութիւն, ու այս առընչութեամբ կը նշէ ներողութեան հանգրուանները։
Աստուծոյ առջեւ ամէնքս մեղաւոր ենք, ըսաւ Քահանայապետը, ու ամէնքս կարիքը ունինք ներումի։ Յիսուս արդարեւ հանդիմանեց երբեք չի դատել։ Եղբայրաբար ուրիշներու սխալները շտկելը արտայայտութիւնն է այն սիրոյն եւ հաղորդութեան որ պէտք են բնորոշել հասարակաց կեանքը։
՝՝Միշտ յիշելու ենք մեր այս մեղաւորի իրավիճակը եւ յիշելու ենք որ Աստուած անհունօրէն ողորմած է՝՝ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան աւարտին հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնն ու հովանին։
Ան ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որմէ ետք ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ու ապա կոչ մը ուղղեց Ուգրանիոյ տագնապի ի խնդիր, մաղթելով որ զինադադարի ի նպաստ կատարուած ջանքերը, սատարեն մնայուն խաղաղութեան հաստատումին համար։ Հուսկ աղօթք բարձրացուց որպէսզի հանդիպումի եւ երկխօսութեան տրամաբանութիւնը գերիշխեն վասն խաղաղութեան։ Սրբազան Հայրը ապա իր կոչին մէջ զօրակցութիւն յայտնեց Լեզոթոյի եպիսկոպոսներու կոչին, Լեզոթոյի թագաւորութեան մէջ խաղաղութեան, արդարութեան եւ եղբայրութեան հաստատումին ի խնդիր։







All the contents on this site are copyrighted ©.