2014-09-06 12:51:11

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Քամերունի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին հետ ու անոնց ուղղած ճառը


Շաբաթ, 7 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10.15 , Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը
իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսաց ժողովի նախագահ կարտինալ Մարք Ուէլլէն։ Ապա ժամը 11.15 ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ Վրաստանի դեսպան Տիկին Թամար Կրտզէլիտէ, իր հաւատարմագիրը ներկայացնելու առիթով։
Իսկ ժամը 11.35 , Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ Քլէմէնթինա Սրահին մէջ ընդունեց
Քամերունի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը, որոնք 1-էն 6 սեպտեմբեր Հռոմ ժամանած են կատարելու համար իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Քամերունին Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին ուղղած իր հայրական խօսքին մէջ անոնցմէ խնդրեց, որ իր ողջոյնը ու օրհնութիւնը փոխանցեն իրենց թեմերու հաւատացեալներուն ու Քամերունի համայն ժողովուրդին, ապա՝ անոնց ըսաւ.
՝՝Աղօթքս է, որ ձեր աղօթքը երկու առաքելապետերու` Պետրոսի ու Պօղոսի գերեզմաններուն վրայ, ընդունելի ըլլայ եւ ձեզ ամրապնդէ հաւատքի մէջ ։ Անոնք, մեզի համար տիպարներ են եւ մենք պէտք ենք անվերապահօրէն անոնց հետեւիլ։
Ձեր այցելութիւնը, ինծի առիթ կու տայ՝ յիշեցնելու, որ միմիայն հաւատարիմ մնալով Աւետարանին ու սիրոյ մէջ հաստատուն մնալով՝ կարող պիտի ըլլանք հարազատ վկայութիւն տալ քրիստոնէական կեանքին` Յարուցեալ Քրիստոսին։ Մաղթանքս է, որ Եկեղեցին համերաշխօրէն համագործակցի պետութեան ու Քամերունի ընկերութեան հետ։ Էական է որ կղերը ապրի Աւետարանի ոգիին համաձայն, որպէսզի իրենց խօսքը պտղաբեր դառնայ։ Կղերին միութիւնը անհրաժեշտ պայման մըն է ձեր առաքելութեան յաջողութեան, ինչպէս նաեւ նուիրեալ հոգիները` կրօնաւորները, արմատացած Քրիստոսի մէջ, մեծ աշխատանք տանին Արքայութեան ի սպաս ու Եկեղեցւոյ պայծառութեան։ Անոնք կը մնան միշտ մարգարէական նշան ու տիպար՝ հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան։ Սիրեցեալ եղբայրներ ի Քրիստոս, աներկիւղ շարունակեցէք ձեր առաքելութիւնը վասն Աւետարանի։ Ձեզ կը յանձնեմ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի որ երկու անգամ ձեր երկիրը այցելեց եւ ամենասուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութեան՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.