2014-09-06 10:14:48

Դ. Կիրակի զկնի փոխման
Մարկ. է, 31-37


Յիսուս իր Աստուածային իշխանութիւնն ու կարողութիւնը փաստելու համար բազմաթիւ հրաշքներ գործեց իր հրապարակային երեք տարիներուն ընթացքին: Այսօրուան աւետարանին մէջ Ս. Մարկոս կը յիշատակէ անոնցմէ մէկը: Կը նկարագրէ թէ ինչպէս Յիսուս բժշկեց մէկը որ ի բնէ խուլ եւ համր էր:
Մարդուս համար որ սահմանուած է ընկերութեան մէջ ապրելու, կենակցելու` անհրաժեշտ են լսելու եւ խօսելու կարողութիւնները: Որքան դժնդակ եւ նեղացուցիչ է մարդուն համար տեսնել ուրիշներուն խօսակցիլը եւ չկարենալ հասկնալ խօսակցութիւնը կամ ալ անոր մաս առնել եւ արտայայտել անձնական գաղափարները: Լսելու եւ խօսելու կարողութենէ զուրկ անձը` կէս մարդ է այլեւս, որով ինքզինքը դժբախտ կը համարի:
Որքան ալ մեծ դժբախտութիւն ըլլայ մարմնաւոր խուլութիւնը եւ համրութիւնը, շատ աւելի մեծ է եւ ծանր է հոգեւոր համրութիւնը եւ խուլութիւնը: Ասոր համար Քրիստոս զանազան առիթներու մէջ կրկնած է հետեւեալ խօսքը. «Ականջ ունին եւ չեն լսեր»:
Կան մարդիկ, որոնք խուլ եւ համր կը ձեւանան Աստուծոյ խօսքին եւ յաւիտենական ճշմարտութեանց նկատմամբ:
Կան մարդիկ, որոնք բնաւ չեն ուզեր լսել Աստուծոյ խօսքը, քահանաներուն քարոզները, յորդորները, որոնք յանդիմանութիւն մը պիտի ըլլային իրենց անձնական անկարգ կենցաղին կամ ալ եթէ լսելու ըլլան ճշմարտութեան ձայնը կ՛ընդդիմանան անոր, եւ կը մաքառին անոր դէմ:
Ուրիշներ ալ երկար լեզու ունին խօսելու այլազան նիւթերու վրայ, վատ բաներու մասին, բայց իրենց լեզուն չեն գործածեր աղօթելու, զԱստուած գովելու եւ փառաբանելու: Այսպիսիները խուլ եւ համր են հոգեւոր գէտնի վրայ, դժբախտ են, որովհետեւ չեն գործածեր իրենց զգայարանգները ի փառս Աստուծոյ, ինչպէս որ պարտական են: Ուստի այդ անձերն են որ պէտք ունին բժշկի:
Վաղը` Եկեղեցին կը Տօնէ Սրբոյ Կուսին Մարիամու Ծնունդը: Երբ ընտանիքի մը մէջ նոր արարած մը աշխարհ կու գայ եւ առաջին անգամ աչքերը արեւի լոյսի կը բանայ` միշտ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ ծնողներուն, որոնք կը փութան աւետելու այս ուրախառիթ իրողութիւնը ազգականներուն, բարեկամներուն` զիրենք բաժնեկից ընելու համար իրենց ցնծութեան: Երբ նորածինը կը պատկանի թագաւորական զարմին եւ մանաւանդ թագաժառանգն է, բովանդակ ազգը ցնծութեան կ՛ըլլայ:
Ի՞նչ ըսելու ենք ուրեմն երբ աշխարհ մուտք գործողը մեզի պէս մարդ արարած ըլլալով հանդերձ` սահմանուած է Աստուծոյ Մայրը ըլլալու, Փրկիչը մեզի ընծայելու: Իսկապէս Մարիամի ծննդեան օրը մեծ օրն մըն է համայն մարդկութեան համար:
Դարերէ ի վեր ազգերը ակնդէտ կը սպասէին գալստեան խոստացուած Մեսիային, որ Դաւթի ցեղէն պիտի ըլլար եւ Եսայի մարգարէին գուշակութեան համաձայն` Կոյսէ մը պիտի ծնէր. «Ահա Կոյս յղասցի եւ ծնցի Որդի»: Ասոր համար Հայաստանեաց Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ եւ յորդորէ ուրախութեան. «Ցնծացէք այսօր որդիք մարդկան ծննդեամբ Սրբուհւոյ Կուսին»: Իսկ Լատին Եկեղեցին կ՛երգէ. «Քու ծնունդդ ուրախութիւն աւետեց համայն աշխարհի»:
Եկեղեցին կը կատարէ սոսկ` Տ. Մ. Յիսուսի Քրիստոսի, Մարիամի եւ Յովհաննու Մկրտչի ծննդեան տօները: Մեր երկնային մօր ծնունդն ալ մեր սրտին մօտ տօն մը ըլլալու է: Տարուան ընթացքին կը մեծարենք Սուրբ Կոյսը զանազան հանդիսութիւններով, որոնց գլխաւորներն են. Անարատ յղութիւնը, Վերափոխումը եւ ծնունդը: Ասկէ զատ Ան կը մեծարուի հազար ու մէկ անուններով, որոնցմէ հայերը իրեն տուած ենք` «Խնդրակատար» եւ «Չարխաբան» տիտղոսները:
Ամբողջովին յանձնուինք ուրեմն Տիրամօր, Քրիստոնէից օգնական, պատուար անխորտակելի, անարատ յղացեալ, անթառամ ծաղիկ, ընդունէ մեզ թեւերուդ մէջ մայրական: Տուր մեզի սիրտ մը քաղցր եւ խոնարհ, որ սիրէ` առանց սէր ակնկալելու, սիրտ մը մեծ ու արի որ չընկճուի ուրիշներու ապերախտութեամբ եւ չյուսալքուի անոնց անտարբերութեամբ: Տուր մեզի սիրտ մը տառապող, սիրտ մը տանջուող` Քրիստոսի փառքով, վիրաւորուած անոր սիրով եւ բուժելի միայն երկնքի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.