2014-09-05 10:02:10

Քերրի հանդիպեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահներուն հետ։


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4ին, Կալեսի մէջ կայացող ՆԱԹՕի վեհաժողովի ծիրէն ներս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ, հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ՝ քննելով Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերող հարցեր։
Քերիի հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ: Քերի իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս ընդգծեց հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանքի բացակայութիւնը, իրավիճակի լարումին բացառումը, ապա կոչ ըրաւ գտնելու միջոցներ՝ հակամարտութեան սրումին առաջքը առնելու եւ կողմերուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու համար:
Քերի կարեւոր համարեց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցութիւններու շարունակումը եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու հիմնախինդրի խաղաղ կարգաւորման ուղիներու որոնման: Ան միաժամանակ ընդգծեց, թէ հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար, չափազանց կարեւոր է կողմերու քաղաքական կամքը:
Սերժ Սարգսեան Կալես մեկնած է՝ մասնակցելու համար ՆԱԹՕի անդամ կամ Աֆղանիստանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մասնակից երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման:
Նախապէս, Սարգսեան հանդիպում մը ունեցած էր Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ: Երկու նախագահները գոհունակութեամբ խօսած էին հայ-ֆրանսական քաղաքական բարձր մակարդակի համագործակցութեան մասին: Անոնք անդրադարձած էին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, ներառեալ՝ Արցախի հակամարտութեան եւ ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպման:

Սարգսեան կոչ կ՛ուղղէ ընդունելու Մինսքի Խմբակի բառապաշարը
ՕԹԱՆ-ի նոյն վեհաժողովին ծիրին մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան ունեցած է ելոյթ մը, որուն ընթացքին հաստատած է, որ հայերը լաւ գիտեն թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ՛ խաղաղութեան գինը: Սերժ Սարգսեանի խօսքով, այդ պատճառով երկիրը ստիպուած է գրեթէ ամէն օր պայքարիլ այդ նպատակները իրականացնելու եւ հաստատելու համար:
«Այս սրահին մէջ ընտրութիւն պիտի կատարուի երկու տարբերակներու միջեւ. կա՛մ կ՛ընդունուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը, որ կ՛երաշխաւորուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ եւ կը յաղթէ առողջ բանակցութիւնն ու խաղաղութեան ձգտումը, կա՛մ կրկին լուռ, խրախուսուած կը մնան այլատեացութեան խորացումը, պատերազմի հռետորութիւնն ու մարդկային կեանքեր խլող ապագայ բոլոր սադրանքները, եւ կը յաղթէ Ազրպէյճանը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:









All the contents on this site are copyrighted ©.