2014-09-05 08:08:58

Մարդկային անձը անբռնաբարելի է


RealAudioMP3 Քրիստոնէական բարոյականը կ՛ըսէ. մարդկային անձը, եթէ նոյնիսկ տակաւին չէ ծնած, կեանքի անբռնաբարելի իրաւունքը ունի:
Ասիկա կը նշանակէ որ մարդկային անձը անտրամադրելի է ուրիշ անձի մը համարձ
Արդարեւ, սպաննել կամ գլխատել անձ մը, կը նշանակէ զայն մեր տրամադրութեան տակ առնել, ընելով միջոց մը` վերցնելով մէջտեղէն, իրականացնելու մեր կեանքին վախճանը:
Ասիկա անարդար արարք մըն է, որովհետեւ մեր տրամադրութեան տակ կրնանք ունենալ` այն ամէն ինչ որ մարդէն ստորադաս է, բայց ոչ` մարդկային անձը:
Մարդկային անձը արդէն ինքնիր մէջ վախճան մըն է եւ երբեք պէտք չէ «գործածուի»` ուրիշ նպատակի մը համար. ապա թէ ոչ, միջոց մը կ՛ըլլայ, իր մը. հետեւաբար, երբեք պիտի չյարգուի իբրեւ անձ:
Երբ կ՛ըսենք թէ մարդէն ստորադասը կարելի է գործածել իբրեւ միջոց, ասիկա չի նշանակեր գէշ վարուիլ. ամէն բան յարգելու է եւ լաւ վարուելու, համաձայն իւրաքանչիւրին բնութեան:
Մարդէն ստորադաս իրերուն իմաստը իրենք իրենց մէջ վախճան չունենալն է. այլ, ագտակար ըլլալ եւ ծառայել ուրիշներուն:
կարգ մը պարզ հարցադրումներ ընենք. որո՞ւ համար կը հնչէ զանգակը. ժամացոյց մը որո՞ւ համար ժամեր ցոյց կու տայ. որո՞ւ համար գեղեցիկ պարտէզ մը հրճուանք կը պատկառէ. այս բոլոր բաները որ տեղի կ՛ունենան, կ՛իրագործեն իրենց էութիւնը, բայց անոնց իմաստը եւ վախճանը իրենց համար չէ:
Զանգակ մը չի կրնար ինքնիրեն համար հնչել, չի կնրար զանազանել տօնական ձայն մը` թաղմանական ձայնէն:
Ժամացոյցը չի կրնար կարդալ այն ժամերը որ ցոյց կու տայ:
Պարտէզը որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ, չի կրնար իր գեղեցկութիւնը վայելել:
Մարդկային անձը այս բոլորը կրնայ ընել. հետեւաբար, գիտակցութիւն ունի եւ վախճանն է ամբողջ ստեղծուած ստորադաս իրերուն:
Եւ որովհետեւ մարդկային անձը բոլոր իրերուն վախճանն է, իր կարգին ուրիշի մը վախճան չի կրնար ըլլալ. ան ինքնիր մէջ վախճան է: Որովհետեւ օժտուած է ինքնագիտակցութեամբ եւ ինքնորոշութեամբ, կ՛ըմբռնէ կեանքին իմաստը, ազատութիւնը, եւ կարող է իրագործելու եւ իրագործուելու:
Gaudium et Spes Սահմանադրութիւնը կ՛ըսէ թէ Աստուած մտածեց եւ ուզեց իրերը իբրեւ միջոց. բայց մարդը միակ արարածն է որ Աստուած Ինքնիրեն համար ուզեց:
Մարդկային անձը ինքիր մէջ վախճան է ըսելով, չի նշանակէր սակայն, թէ ամէն բանի կեդրոնն է եւ ուստի` եսասիրութեամբ ապրի:
Անհատը պէտք է Աստուծոյ եւ Քրիստոսի թագաւորութեան մէջ կեդրոնանայ. ան պէտք է հասնի անկեղծ անձնուիրումի:
եւ ճիշտ է որ անհատը իրագործուելով, ոչ միայն ուրիշ անհատ մը չի կրնար գործածել, այլ նոյնիսկ Աստուած չի գործածեր անհատը իբրեւ միջնորդ, այլ կը նկատէ զայն իբրեւ գործակից իր Թագաւորութեան:
Նոյնիսկ Աստուծոյ Փառքը մեր վախճանն է, եւ լաւ ըմբռնելու ենք մեր միջոցով ոչինչ ստանանք:
Մեծագոյն յարգանքը որ Աստուած ունի մարդկային անձին հանդէպ` մեզի տուած Իր պատուիրանն է. « Մի՛ սպաններ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.