2014-09-05 09:38:00

Իտալիոյ Եկեղեցական ակումբներու հաւաքը Ասիզիի մէջ։


Ասիզիի մէջ, 4-7 սեպտեմբեր, տեղի կ'ունենայ Իտալիոյ եկեղեցական ակումբներու հաւաքը որուն նիւթն է ''Եկեղեցական ակումբները համայնքին ճշմարիտ աշխատանոց''։
Իտալիոյ եպիսկոպոսները այս նախաձեռնութեամբ կ'ուզեն ուշադրութիւնը հրաւիրել` ժողովրդապետութիւններու եկեղեցական ակումբներու կարեւորութեան, լաւագոյնս ապրելու աւետարանական կեանքը։ Ժողովին կը մասնակցին բազմաթիւ եկեղեցականներ ու պատանիներու հովուութեամբ զբաղող դաստիարակիչներ։
Վերոնշեալ ժողովին խօսք պիտի առնէ նաեւ Կարտինալ Պասսեթի։ Հաւաքը պիտի եզրափակուի Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեամբ որ պիտի գլխաւորէ թեմի առաջնորդը` գերապայծառ Սոռենթինոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.