2014-09-04 08:57:50

Փութին-Փորոշենքօ համաձայնութիւն գոյացուցին արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ մնայուն զինադադարի շուրջ


Չորեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է:
Փութին Փորոշենքոյի հետ քննարկած է Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար անհրաժեշտ առաջնահերթ քայլերը:
Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով մանրամասնած է, որ Փութինի եւ Փորոշենքոյի տեսակէտները տագնապէն դուրս գալու ուղիներ ճշդելու առումով զգալիօրէն համընկնած են:
Ուքրանիոյ նախագահի մամլոյ գրասենեակը իր կարգին յայտարարեց. «Երկու նախագահները համաձայնութիւն գոյացուցին արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնպասի շրջանին մէջ մնայուն զինադադարի շուրջ»: Փութին երէկ կոչ ուղղեց «արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ մարդասիրական միջանցքներ բանալու»` յոյս յայտնելով, որ ուրբաթ օր Քիեւի եւ ռուսամէտ զինեալներուն միջեւ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյանայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.