2014-09-04 08:49:55

Վատիկանի պետական քարտուղարի ողջոյնը ''Coldiretti'' եկեղեցական խորհրդատուներու ազգային 38-րդ ժողովին։


Չորեքշաբթի, 4 Սեպտեմբեր 2014-ին, Հռոմի մէջ սկիզբ առաւ ''Coldiretti'' (Իտալական հողամշակոյթի աշխարհի ծիրէն ներս քրիստոնէական հաւատքի ապրումի կազմակերպութիւն մը) եկեղեցական խորհրդատուներու ազգային 38-րդ ժողովը, որուն բնաբանն է. ''Եղբայրակցութիւնը, մարգարէական ընթացք մը մարդկային դիմագիծ ունեցող տնտեսութեան''։ Կարտինալ Փարոլին` Վատիկանի պետական քարտուղարը իր զեկոյցին մէջ նախ ժողովականներուն հաղորդեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին օրհնութիւնը առ ի քաջալերանք անոնց տածած յոյժ կարեւոր առաքելութեան համար։ Ան ապա ըսաւ` ''Դուք հոս միասին հաւաքուած էք փոխանակելու ձեր փորձառութիւնը։ Մենք կ`ապրինք տնտեսական տագնապի ժամանակի մը մէջ, որուն դրդապատճառները բարոյական բնոյթ ունին։ Այդ ուղղութեամբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր ''Աւետարանի ուրախութիւնը - Evangelii Gaudium'' յորդորագիրին մէջ կ` ընդգծէ. ''տնտեսական տագնապի դրդապատճառներէն մէկը կը գտնենք մեր դրամին հետ հաստատած կապին մէջ երբ խաղաղօրէն կ`ընդունինք անոր գերակայութիւնը մեր վրան ու ընկերութեան վրայ։ Ներկայի ֆինանսական տագնապը ունի որպէս ծագում մարդաբանութեան խոր տագնապը` ուրացումը մարդկային էակի գլխաւորութեան''։ Այս պատճառաւ, ըսաւ Կարտինալ Փարոլին, հարկաւոր է որ անհատը ըլլայ կեդրոնը ամէն մեր գործունէութեան, որովհետեւ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերի ու նմանութեան համաձայն։ Այդ կատարելով մեր կապերը կը դառնան աւելի մարդկային, իրար զիրար կը ճանչնանք որպէս եղբայրներ, իրար զիրար աւելի կը յարգենք եւ բնութիւնը կը դադրի դառնալէ որպէս միջոց շահագործումի։ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը մեզի կը սորվեցնէ որ առընչութիւնը Աստուծոյ, մարդու եւ արարչագործութեան միջեւ խորապէս միացած են։ Նախ կու գայ Արարիչ Տէրը, ապա մարդը եւ ապա բնութիւնը։ Եթէ չի յարգուիր այս կարգը նոյնիսկ աշխատանքի ու արտադրութեան շրջապատէն ներս մարդկային յարաբերութիւննրը կը խախտին։ Ահա այս պատճառաւ քրիստոնէական մշակոյթը կը ճանչնայ արարչագործութիւնը որպէս պարգեւ տրուած մարդուն։ Դուք` եկեղեցական խորհրդատուներ, կանչուած էք նշանակալից առաքելութիւն մը կատարելու, քաջալերելով նոր ապրելակերպի մը փնտռտուքը, ուր կեանքը դառնայ աւելի եղբայրակցական, աւելի զօրավիգ բոլոր մարդոց բարիքին համար եւ արարչագործութեան համար։
''Կը յուսամ որ ձեր հաւաքէն ի յայտ գայ նոր խորհրդածութիւն մը, մօտեցում մը բոլոր մարդոց բարիքին համար եւ հետեւաբար արարչագործութեան համար եւ մասնաւորապէս տնտեսութեան ու հողամշակոյթի աշխարհին''։ Ըսաւ Կարտինալ Փարոլին խօսքը եզրափակելով։
Յայտնենք որ Coldiretti եկեղեցական խորհրդատուներու ազգային 38-րդ ժողովը կը փակուի ուրբաթ 5 Սեպտեմբեր 2014-ին համապատարագով մը որ կը մատուցուի ''Divino Amore – Աստուածային Սէր'' Հռոմի Մարեմեան Սրբավայրին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.