2014-09-04 09:42:00

Նայրոպի մարզի եպիսկոպոսաց խաղաղութիւն եւ արդարութիւն յանձնախումբի կոչը` ''մտածել երկրի միասնականութեան եւ ապահովութեան''


''Քենիայի մէջ միութիւնը եւ անվտանգութիւնը թող ապահովուին քաղաքական պատասխանատուներու կողմէ'' գրած է Նայրոպի մարզի եպիսկոպոսաց Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն յանձնախումբի նախագահ` գերապայծառ Զաքքէուս Օքոս, Մոմպազա քաղաքին մէջ վերջերս կայացած վերոյիշեալ յանձնախումբի տարեկան ժողովի աւարտին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Յանձնախումբը մեծ մտահոգութիւն յայտնած է երկրին մէջ զինեալ խմբակներու զէնքերու մատակարարման հարցով, որոնք երկրին մէջ զանգուածային սպաննութիւններ կը կատարեն, կործանելով բնակարաններ եւ յառաջացնելով գաղթականութիւնը։
Յանձնախումբը անդրադառնալով յատկապէս Մատէրա քաղաքին մէջ վերջերս տեղի ունեցած ցեղային բախումներուն, ընդգծած է թէ սոյն հետեւողական վտանգը եւ ողբերգութիւնը անընդունելին են։
Իւրաքանչիւր անհատի կեանքը թանկագին է, հետեւաբար կը խնդրենք բոլոր պայքարի մէջ գտնուող կողմերէն, դադրեցնելու մահուան մշակոյթը, որովհետեւ բռնութիւնը կը յառաջացնէ միայն բռնութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.