2014-09-04 08:33:41

Նախագահ Սարգսեան կը մասնակցի ՆԱԹՕի վեհաժողովին։


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 3 Սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն։ Ան պիտի մասնակցի Նիւփորթի մէջ 4 Սեպտեմբերին կայանալիք ՆԱԹՕի անդամ ու Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու առաքելութեան մասնակից գործընկեր երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ: Սերժ Սարգսեան խօսք պիտի առնէ։
Սեպտեմբեր 4ի երեկոյեան հանդիպման մասնակիցներուն համար պիտի տրուի ընդունելութիւն՝ Ուէլզի արքայազն Չարլզի անունով եւ ոչ պաշտօնական ընթրիք՝ ի պատիւ մասնակից երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.