2014-09-04 08:50:03

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը կ՛անդրադառնայ Իրաքի տագնապին եւ Լիբանանեան հարցերուն։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը ընդգծեց Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած բռնաճնշումներուն իր մերժումը եւ Միջազգային դատական ատեանէն ու Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց վերջ տալ Իրաքի մէջ տիրող այս ողբերգական իրավիճակին:
Մարոնի եպիսկոպոսները շնորհաւորեցին շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հանրապետութեան միւֆթի ընտրութիւնը եւ անոր յաջողութիւն մաղթեցին` նկատել տալով, որ բոլոր լիբանանցիները կարիքը ունին միացեալ աշխատանքի եւ նման կեցուածքներու:
Մարոնի եպիսկոպոսները ցաւ յայտնեցին, որ խորհրդարանը կը ձախողի նախագահական ընտրութեան իր պարտականութեան մէջ` ընդգծելով, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը հիմնական ելք մըն է` անլոյծ բոլոր հարցերուն եւ թղթածրարներուն, «իսկ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը բոլոր լիբանանցիներուն նախագահն է եւ սահմանադրութեան պաշտպանը: Երկրին ապահովութեան եւ բարօրութեան նպաստող ազդակները անձնական շահերն ու երկրին հաշուոյն ստեղծուած համաձայնութիւնները չեն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ անհրաժեշտ է զօրակցիլ լիբանանեան բանակին, որ բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին ալ փաստած է իր ազգային ոգին բարձր պահելու իրականութիւնը:
Խորհուրդը պահանջեց ազատ արձակել առեւանգեալ զինուորները եւ կառավարութենէն պահանջեց իմաստուն կերպով վարուիլ այդ թղթածրարին հետ:
Մարոնի եպիսկոպոսներուն խորհուրդը դատապարտեց անպատասխանատու արարքները, որոնց մաս կը կազմեն կրօնական խորհրդանիշներու դէմ ոտնձգութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.