2014-09-04 08:57:41

Հարաւային Սուտանի քրիստոնեայ կրօնապետերու խաղաղութեան կոչը աւանդական կրօներու պետերուն ։


Հարաւային Սուտանի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահը` վերապատուելի Մայքըլ Կափան, աւանդական կրօներու պետերու ուղղած է պատգամ մը որուն մէջ կը գըէ ''աւանդական կրօներու պետերը Աստուծմէ ներշնչուած մարդիկ են խաղաղութեան համար աշխատելու իրենց հասարակութենէն ներս։ Կը լուծեն անհատներու ու խումբերու միջեւ ծագած անհամաձայնութիւնները''։ Վերապատուելին ապա կոչ ուղղած է աւանդական կրօներու պետերուն` սատարելու խաղաղութեան վերահաստատումին Հարաւային Ափրիկէի մէջ։
Նշենք որ նորանկախ պետութիւնը (Յուլիս 2011էն ասդին) անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր թիրախ է քաղաքացիական պատերազմին։ Հարաւային Սուտանի եկեղեցիներու խորհուրդը կազմուած է 7 Եկեղեցիներէ ներառեալ կաթողիկէ եկեղեցին. Ան ջանք կը թափէ խաղաղութիւնը վերահաստատել որպէսզի պետութիւնը ունենայ իր սահմանադրութիւնը եւ ազգային միութեան կառավարութիւն մը։ Նշենք նաեւ որ ցեղախումբերու կրօնապետերը մեծ դեր մը ունին երկրին հաշտութեան ու խաղաղութեան ուղղութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.