՝՝Ահաբեկչութեան դէմ մեր պատերազմը պիտի շարունակենք՝՝ ըսաւ Օպամա
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ ամերիկացիները շատ ազդուած են ՏԱՀԵՇ-ի
կողմէ ամերիկացի լրագրող Սթիվըն Սոթոլովի սպանութենէն` շեշտելով, որ այդ «բարբարոս արարքները
մեզ կը միացնեն, որպէսզի ահաբեկչութեան դէմ պայքարինք, եւ ամէն գնով պիտի հասնինք Սոթոլովը
սպաննողներուն»: Ան աւելցուց. «Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը պիտի շարունակենք»: Մինչ
այդ, Սպիտակ տունը հաստատեց, որ այն տեսերիզը, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ ամերիկացի
լրագրող Սթիվըն Սոթոլովի մահապատիժի գործադրութիւնը ցոյց կու տայ, իսկական է: Միւս
կողմէ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող
բրիտանացի պատանդ մը փրկելու գործողութիւն մը ձախողած է: