2014-09-03 09:37:28

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ
Ի՞նչ բանի համար կարելի է գործածել դանակը։


Հակառակորդներու միջեւ օգտագործուող վտանգաւոր գործիք է դանակը, որ վստահաբար նախամարդուն հնարքներէն է, առաջին հերթին որսալու նպատակով մետաղեայ իբրեւ շեղբ սրուած, ապա՝ գազաններու դէմ պաշտպանուելու համար գործածուած, եւ ի վերջոյ, իր նմանը զգետնելու ու անոր արիւնը թափելու ծառայած է: Դանակէն ետք հնարուած են ո՛չ միայն որսորդական զէնքեր այլեւ ծրագրուած զիրար սպաննելու, հաւաքական սպանութիւններ կատարելու եւ աշխարհը աւերելու միջոցներ։
Հիւլէական ուժի եւ անոր փաստացի հետեւանքներուն մասին մտահոգ է աշխարհը, իսկ գերպետութիւններու ղեկավարներ նոր մոլորակներու գիւտի յոյսեր կը փայփայեն՝ մեծածախս որոնումներով անջրպետին մէջ, թերեւս այնտեղ փախչելով՝ ընդհանուր աւերածութենէն փրկուելու մտադրութեամբ:
Դանակը կրնայ երկսայրի ըլլալ, սակայն ոմանք այնպէս կը խորհին, որ ատիկա գործածութեան այլ կերպ մըն ալ ունի: Այսինքն՝ ո՛չ միայն անոր շեղբին երկու կողմերը կարելի է օգտագործել, երբ մանաւանդ երկսայրի է, այլ կարելի է նաեւ անոր կոթի՝ բռնիչի մասը օգտագործել, շեղբէն բռնելով: Ուրիշներ պիտի ըսեն՝ կարելի՞ է շեղբէն բռնել, միթէ՞ չի վիրաւորեր ատիկա մեր ափը:
Պատասխանը. կախում ունի կտրելիքէն... օրինակ.
՜՜Երբ պանիր պիտի կտրենք դանակին կոթով, շեղբը կրնայ մեր ափը չվիրաւորել: Բայց եթէ մեր կտրելիքը աւելի ամուր նիւթ է՝ ինչպէս օրինակ կարծր քաղցրեղէն մը, անկասկած երկսայրի դանակին շեղբը պիտի վիրաւորէ կամ գէթ խորապէս ցաւցնէ մեր ափը: Կեանքի մէջ եւս դժուարաւ լուծելի խնդիրները այդ կարծր նիւթերուն կը նմանին, իսկ դիւրաւ լուծելի հարցերը՝ փափուկ պանիրին:
Դանակը ունի սարսափեցնող հանգամանք ու նաեւ այլ դերակատարութիւն, որ է՝ զգուշացնել մարդիկը սխալ խօսելէ: Վստահաբար չկայ մարդ այս աշխարհին մէջ, որ խօսքի ճամբով սխալած չըլլայ: Այնքան ատեն որ լեզուն կը դառնայ մարդու բերնին մէջ, անպայման կրնայ սխալիլ: Ճիշդ այս պատճառաւ է, որ յաճախ կը կրկնուին առածանման ծանօթ այն խօսքերը մեր խօսակցական լեզուին մէջ, թէ՝ «Անսխալական մարդ չկայ», կամ՝ «Լեզուն ոսկոր չունի»: Ժողովրդային իմաստութիւնը իր փորձառական հարուստ պաշարը դրած է այդ կարճ նախադասութիւններուն մէջ, մարդկութեան կեանքէն ներս նկարագրային հասարակաց գիծեր յայտնաբերելով:
Աշխարհին ծանօթ է երեք կապիկներու արձանիկները «Բան չըսի, բան չտեսայ, բան չլսեցի» բնաբանով։ Անոնցմէ մէկը բերանը, միւսը աչքերը, իսկ երրորդը՝ ականջները կը փակէ։ Սա ընդհանրապէս բոլորին կողմէ իմաստուն դիւանագիտութիւն կը համարուի, եւ պատճառ՝ խաղաղ ապրելու այս կեանքը մեր նմաններուն հետ:
Դանակը եւս կարելի է նման օրինակի փոխարէն գործածել: Միշտ պէտք է պատկերացնել, թէ մեր կզակին տակ, ուղղահայեաց դիրքով դանակ դրուած է, որուն սուր շեղբը ասեղի նման դպած է մեր մորթին: Գլխու թեթեւ շարժում մը դէպի վար, պատճառ պիտի դառնայ, որ դանակը իր քիթը խրէ մեր մորթին մէջ ու վիրաւորէ մեզ: Ուրեմն, խելացութիւն պիտի ըլլայ կա՛մ չշարժել մեր գլուխը, եւ կամ՝ միայն դէպի ետ տանիլ՝ բացասական արտայայտութեան իբրեւ նշան: Այսինքն, եթէ մէկը մեր անձին չվերաբերող հարցում ուղղէ մեզի, լաւ պիտի ըլլար գլխու շարժումով բացասական պատասխան տալ անոր, քան՝ դրական: Որովհետեւ դրական պատասխանի պարագային ստիպողաբար մեր գլուխը դէպի վար պիտի շարժէինք՝ վիրաւորելով մենք մեզ, մեր կզակին տակ դրուած դանակին յենելով: Մեծերը կ՛ըսէին. «Ամէն բան ամէն տեղ յարմար չէ՛ ըսել»։ Եթէ մարդիկ գիտնային այս խօսքին իմաստը, բնականաբար շատ ոճիրներ, մարդասպանութիւններ, քէներ ու ոխեր կանխուած կ՛ըլլային անցնող դարերու պատմութեան մէջ: «Միայն գործի՛դ խառնուիր, չգիտցած նիւթերուդ մասին երբեք հաստատական պատասխան մի՛ տար, եւ յիշէ՛, որ «չեմ գիտեր» ըսելը աւելի նուազ փորձանքի մէջ կը դնէ կամ նուազ պատասխանատուութեան կը կանչէ քեզ, քան «գիտեմ ըսելը»։







All the contents on this site are copyrighted ©.