2014-09-03 14:15:36

''Դուք Եկեղեցւոյ ուժն ու հարազատ վկայութիւնն էք'' ըսաւ Քահանայապետը հալածուած քրիստոնեաներուն։


Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն իր ուղղած ողջոյնին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով արաբախօս ուխտաւորներուն անոնց վերահաստատեց թէ` ''Եկեղեցին Մայր է նման բոլոր մայրերուն, Ան գիտէ ընկերանալ կարիքաւոր զաւակին, գիտէ ոտքի կանգնեցնել գետին իյնկած զաւակը, խնամել հիւանդը, փնտռել կորսուածը ինչպէս նաեւ գիտէ թիկունք կանգնիլ անպաշտպան որդիներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յարեց ''կ՝ուզեմ ապահովել ձեզի իմ մօտիկութիւնս ։ Դուք Եկեղեցւոյ սիրտն էք, Եկեղեցին կը տառապի ձեր հետ եւ հպարտ է ձեզմով՝՝ ու աւելցուց ''Դուք Եկեղեցւոյ ուժը եւ հարազատ վկայութիւնն էք, ինչպէս նաեւ փրկչագործութեան պատգամի, սիրոյ եւ ներողամտութեան վկաները։ Թող Տէրը Օրհնէ եւ պաշտպանէ ձեզ'' եզրափակեց Սրբազան Հայրը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.