2014-09-03 08:56:05

Գերապայծառ Թոմազի կոչ կ՛ուղղէ ապազինելու ՏԱՀԵՇ-ը


Իրաքի մէջ սիւննի մահմետականները նահանջ արձանագրած են Քիրքուքի գիւղերէն։ Մինչ ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւնը կը դատապարտէ սիւննի մահմետականներու գործադրած ոճիրները զանոնք որակելով որպէս մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւն։ Ի տես այս ողբալի կացութեան ՄԱԿի մարդու իրաւունքի խորհուրդը որոշած է պատուիրակութիւն մը ուղարկել Իրաք ի յայտ դնելու յանցապարտները ։
Այս ուղղութեամբ Վատիկանի ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտ` գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի հաղորդեց թէ Մակի գնահատումով եթէ իսլամական պետութիւնը շարունակէ իր յառաջդիմութիւնը, մեծ վտանգ կը հանդիսանայ համայն աշխարհին։ Ուստի հարկաւոր է ապազինել մահմետական իսլամութեան հետեւորդները։







All the contents on this site are copyrighted ©.