2014-09-03 09:07:24

50 տարի առաջ Սասնոյ մէջ իսլամացած է Հայկական գիւղ մը։


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- «Հիւրրիէթ» օրաթերթի 1964 թուականի Ապրիլ 7ի թիւին մէջ տպագրուած տեղեկատուութեան մը համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք գոյատեւող հայկական գիւղի մը ամբողջ բնակչութիւնը իսլամացած է:
Ըստ «Sasun.org» թրքալեզու կայքին հրապարակած տեղեկութեան՝ Սասուն գաւառին ենթակայ Աջար գիւղի 30 տունէ բաղկացած բնակչութիւնը, Պաթմանի միւֆթի Ալաէտտին Եաւուզի ներկայութեամբ իսլամութիւն ընդունած է: Գիւղի եկեղեցին մզկիթի վերածուած է, բնակիչներու անունները փոխուած են, իսկ բոլոր տղայ երեխաները՝ թլփատուած:
Քրիստոնեայ այս գիւղի 88 հոգինոց բնակչութիւնը, որուն 48ն երեխայ էր, 40ը՝ կին ու տղամարդ, հարկադրուած է գիւղի հարիւրամեայ եկեղեցին մզկիթի վերածելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.