2014-09-02 10:52:47

Աշխարհը եւ ճշմարտութիւնը


Բայց երբ Մխիթարիչը գայ, զոր պիտի առաքեմ ձեզի Հօրս քովէն,
ճշմարտութեան Հոգին որ կը բխի Հօրմէն, ինք պիտի վկայէ ինծի:
Բայց դուք ալ պիտի վկայէք որովհետեւ սկիզբէն իսկ դուք հետս էք (Յովհ 15, 26-27)
Սուրբ Հոգին կը վկայէ ճշմարտութիւնը որ Յիսուս Քրիստոս յանձնեց իր աշակերտներուն վկայելու ճշմարտութեան առաքելութիւնը: Իրենց խոստացաւ ղրկել Սուրբ Հոգւոյն ճշմարտութիւնը որպէսզի իրենց կարգին սորվեցնեն այն ճշմարտութիւնը որ ստացան Սուրբ Հոգիէն: Այս խօսքերը լսելու ու քարոզելու միմիայն աշակերտներուն չէ տրուած, այլ մեզի ալ որպէս նոր քրիստոնեաներ որոնցմէ կը խնդրուի հաւատալ, ապրիլ եւ վկայել այս ճշմարտութիւնը:
Այս շրջանին որ է Եկեղեցւոյ շրջանը, Սուրբ Հոգին կը շարունակէ ճշմարտութեան մասին խօսիլ որպէսզի Յիսուսի խօսքերը կարենան հասնիլ ամէն տեղ եւ ամէն ժամ, մանաւանդ անոնց որոնք ֆիզիքապէս չկրցան ոչ տեսնել Յիսուսը եւ ոչ ալ լսել իր խօսքերը: Արդեօք Սուրբ Հոգին կը հասց՞նէ այս պատգամը. Անշուշտ Եկեղեցւոյ միջոցաւ: Սուրբ Եկեղեցւոյն միջոցաւ ճշմարտութեան հոգին կը շարունակէ վկայել ճշմարտութիւնը, եւ այդպէս կը շարունակէ դարերէ ի վեր այսինքն 2014 տարիներէ ի վեր առանց տկարութեան կամ դադարի:
Այս ճշմարտութիւնը հալածանքի ենթարկուեցաւ եւ ասոր համար առաքեալները այս ճշմարտութիւնը քարոզելու եւ վկայելու ժամանակ հալածանքի ենթարկուեցան: Շատեր չեն ուզեր այս ճշմարտութեան մասին խօսիլ եւ ոչ ոք կը սիրէ ընդունիլ թէ սխալի մէջ կը գտնուի: Խոնարհ մարդը կը ճանչնայ իր սխալները եւ կը ջանայ միշտ զայն փոխել, բայց անոնք որոնք ոչ Հայրը եւ ոչ ալ զիս կը ճանչնան, կ'ըսէ Յիսուս, երբեք իրաւունք չունին ապրելու խոնարհութիւնեը, եւ անոնք կը նմանին այդ հալածող անձերուն որոնք Եկեղեցւոյ սուրբ մարդիկը կը հալածէին որովհետեւ հպարտութիւնը զիրենք թունաւորեց սպաննելու համար մեծագոյն առաքեալները...
Հոս է հարցումը որ ինծի կ'ուղղուի. արդե՞օք կապուած կը մնամ Յիսուսի խօսքերուն եւ այն ճշմարտութեան որ Եկեղեցին կ'ուսուցանէ մինչեւ ո՞ւր:
Այսօր Եկեղեցին տակաւին կը շարունակէ վկայելու ճշմարտութիւնը եւ կը շարունակէ նաեւ հալածուելու: Մինչեւ այսօր մարդիկ կ'անգիտանան իրենց գործած սխալը, նախընտրելով քննադատել ճշմարտութեան պատգամը քան զայն լսելու եւ դարձի գալու:
Քանիներ կը հակառակին այսօր Եկեղեցւոյ ուսուցումին, այն ինչ որ կը հայի մաքրութեան եւ մաքուր ապրելու հասարակութեան մէջ, եւ մանաւանդ սիրոյ գործադրութեան մէջ:
Կեանքին մէջ մաքուր ապրելու պայմանն է որ պէտք ենք ապրիլ առաջին պատուիրանը, այսինքն պէտք է սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ սակայն քանիներ կ'ուզեն անգիտանալ այս վսեմ պատուիրանը: Չգործադրելով այս պատուիրանը մարդս հասաւ այս գէշ որոշումները առնելու ինչպէս ընտանեկան բաժանումը, անձնասպաննութիւնը եւ սեռային բոլոր ծանր մեղքերը:
Եկեղեցին իր ուսուցումով եւ դաստիա-րակութեամբ հաստատ քայլերով ամէն վար-կեան կը յիշեցնէ բոլորիս Աստուծոյ եւ մերձաւորին սէրը որոնք մեզի երջանկութեան կը տանին:
Ո՜վ Տէր, կ'ուզեմ ապրիլ կու կամքդ ինչպէս որ Դուն կը փափաքիս: Մաքրէ՛ կուրութիւնս եւ հպարտութիւնս որոնք զիս կ'արգիլեն ճշմարտութիւնը տեսնելու: Կ'աղօթեմ անոնց համար որոնք կը հալածուին եւ մանաւանդ Քու Եկեղեցիդ պաշտպանելու համար: Օգնէ ինծի որ իսկական սէրը ապրիմ եւ օգմնեմ ուրիշներուն որ Քու ճշմարտութիւնդ ճամչ-նան: Օգնէ ինծի որ կարենամ քու յաղթանակդ գրաւեմ ճշմարտութեամբ եւ ոչ բռնութեամբ կամ սաստկութեամբ: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.