2014-08-30 10:27:44

Լոյս տեսած է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան նոր կայքէջը։


Անցեալ 10 օգոստոս 2014-էն սկսեալ համացանցի հանրութեան հասանելի դարձաւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան երկլեզու կայքէջը հետեւեալ հասցէով` :

Եկեղեցական այս նոր կայքէջը կը ներկայացնէ թեմի պատմութիւնը, հայ կաթողիկէ եւ ընդհանրական կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող կարեւոր իրադարձութիւնները, թեմի առաջնորդի հովուական թուղթերը, վերլուծական նիւթեր, քարոզներ, «Ձայն Խաղաղութեան» շաբաթական հաղորդաշարը՝ շաբթուան ամփոփ նորութիւններով, կիրակնօրեայ քարոզով, թեմի անցուդարձի մասին տեսանիւթերով:
Կայքին մէջ կը տեղադրուին նաեւ տարաբնոյթ այլ հոգեւոր, հայագիտական եւ մշակութային նիւթեր: Կայքը թէեւ տակաւին լրամշակման հանգրուանի մէջ է սակայն հարուստ պարունակութեամբ կը ներկայանայ կայքին այցելուներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.