2014-08-29 16:26:28

Կարտինալ Սանտրիի այցելութիւնը Ռումանիա 29-31 Օգսոստոս։


Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչը` կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Օգոստոս 29-31 2014, Ռումանիա կ'այցելէ բացումը կատարելու Պուխարեսթի մեծն Ս. Բարսեղի թեմին եւ ներկայ գտնուելու թեմի առաջին առաջնորդ` գերապայծառ Միհայ Ֆրաթիլայի գահակալութեան արարողութեան։
Կարտինալ Սանտրին, շաբաթ 30 օգոստոսին, կը գլխաւորէ թեմին բացման ծիսակատարութիւնը, կարտինալ Լուչիան Մուրէժանի հետ միասին, մասնակցութեամբ, Վատիկանի նուիրակ` գերապայծառ Լոզանոյին, Ռումանիոյ յունածէս եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ Ուկրանիայէն, Յունաստանէն եւ Հունգարիայէն ժամանած եպիսկոպոսներուն։ Արարողութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ երկրի պետական քարտուղարը եւ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած Ռումանիոյ դեսպանը։ Յետմիջօրէին կարտինալ Սանտրի հանդիպում պիտի ունենայ Ռումանիոյ օրթոտոքս Պատրիարք` գերերջանիկ Դանիէլին հետ, որուն պիտի հաղորդէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ողջոյնը եւ միասնական համագործակցութեան ճանապարհի վրայ ընթանալու առաջարկը։
Կիրակի 31 Օգոստոս կարտինալ Սանտրի հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ Պուխարեսթի լատիններու Ս. Յովսէփ Աստուածահօր նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։Յայտնենք որ հինգշաբթի, 28 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպած էր Կարտինալ Սանտրիին ու Անոր յանձնարարած Ռումանիոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն, կղերին ու հաւատացեալներուն փոխանցել` իր առաքելական օրհնութիւնները եւ քաջալերանքը շարունակելու ''աւետարանի ուրախութեան'' վակայութիւնը տալու բոլորին։







All the contents on this site are copyrighted ©.