2014-08-29 11:32:23

«Աշխարհը մեզ մոռցած է, մենք ամէն օր աշխարհի պետութեանց պատգամներ կը յղենք, սակայն ոչ ոք կը պատասխանէ» ըսաւ Քաղտէացիներու Պատրիարքը։


Քաղտէացիներու Մար Լուիս Ռուֆայէլ Ա. Սաքօ պատրիարքը կոչ ուղղեց հաւատադրժողականները ետ մղելու համար Իրաքի քրիստոնէաբնակ շրջաններուն մէջ տեղակայել միջազգային ուժեր, որոնց օժանդակեն զինուորագրուած քրիստոնեաներ, որպէսզի քրիստոնեաները իրենց բնակավայրերը վերադառնան: «Աշխարհը մեզ մոռցած է, մենք ամէն օր աշխարհի պետութեանց պատգամներ կը յղենք, սակայն ոչ ոք կը պատասխանէ»:
Սաքօ պատրիարքը շեշտեց. «Ամերիկան ու Արեւմուտքը տեղահանման մեղսակից են»: Ան նշեց, որ Լիբանան քաղտէացիներու գաղթի մէկ հանգրուանն է եւ ոչ թէ երկիր մը, ուր կրնան մնալ, որովհետեւ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը վատ վիճակի մէջ է եւ օժանդակութեան կը կարօտի»:
Ան զարմանք յայտնեց, որ աշխարհը ցնցուեցաւ, երբ ամերիկացի լրագրող Ճէյմս Ֆոլի սպաննուեցաւ եւ ձեռնածալ մնաց, երբ քրիստոնեաները տեղահանուեցան:
«Ամերիկան Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն պատահածին համար պատասխանատու է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «ՏԱՀԵՇ-ի ետին Ամերիկան կը կանգնի, ինչ որ մեծ ոճիր է, եւ ամենայն աներեսութեամբ կ՛ուզեն քրիստոնեաները իրենց բնակավայրերէն եւ եկեղեցիներէն խլել, եւ որովհետեւ Արեւմուտքի մէջ աշխատող ձեռքերու պէտք ունին, կ՛ուզեն մեզ դէպի այդտեղ տեղահանել, սակայն հողը պիտի չլքենք` ինչ ալ ըլլան զոհողութիւնները»:
Անդրադառնալով Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու Պքերքէի վեհաժողովին` Սաքօ պատրիարքը յայտնեց, որ ժողովականները ախտաճանաչում կատարեցին շրջանին մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակին գծով: Ան անբաւարար նկատեց ցարդ առնուած քայլերը` պահանջելով սկսուած ճիգերը շարունակել եւ արդիւնաւորել նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.