2014-08-28 08:28:31

Կայացաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը։


Օգոստոս 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մօտ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը:
Կատարուած աշխատանքները եւ նախատեսուող ծրագրերը ներկայացուց ՀԲԸՄ Հայաստանի ներկայացուցչութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Յովիկ Էօրդեքեան: Կազմակերպութիւնը մարդասիրական առաքելութիւն իրականացուցած է Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ: ՀԲԸՄ կոչով սուրիահայերու օգնութեան ֆոնտին հաւաքուած է 600 հազար տոլար: Օգնութիւն ցուցաբերուած է Հալէպի մէջ 300 եւ Դամասկոսի մէջ 500 ընտանիքի: Գամիշլիի եւ Լաթաքիոյ մէջ միութիւնը հոգացած է բժշկական օգնութեան, դեղորայքի, կացարանի հարցերը:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ մասնաւորապէս նշեց. «Սիրիական ճգնաժամի առաջին օրերից Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը մեր կողքին է եւ արդէն մի քանի խոշոր ծրագրեր է իրականացրել: Մասնակցել է Հայաստանում սիրիահայ ուսանողների կրթավճարների փոխհատուցմանը»:
«Առաքելութիւն Հայաստան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան` «Սիրիահայերի աջակցութեան 2012-2014թթ ծրագրեր»-ի վերաբերեալ զեկուցումով հանդէս եկաւ կազմակերպութեան նախագահ Հռիփսիմէ Կիրակոսեան:
«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական կազմակերպութեան իրականացուցած աշխատանքները եւ յետագայ ծրագրերը ներկայացուց ՀԿ-ի նախագահ Անի Բալըխեան:
Ամփոփելով նիստը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցողներուն եւ գերատեսչութիւններու, ՀԿ-ներու ներկայացուցիչներուն կատարած աշխատանքի համար, նշելով, որ միասնական աշխատանքով լուծումներ տրուած են յատկապէս սիրիահայերը յուզող կարեւորագոյն խնդիրներուն:
Ի գիտութիւն ընդունուեցաւ ՀԲԸՄ եւ «Հալէպ» հասարակական կազմակերպութեան առաջարկը` այսուհետեւ աշխոյժացնել աշխատանքները «Նոր Հալէպ» բնակարանաշինական ծրագրի իրականացման ուղղութեա








All the contents on this site are copyrighted ©.