2014-08-27 09:16:13

Փաքիստանի եկեղեցւոյ կոչը փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ճանաչումին ի խնդիր։


Փաքիստանի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն եպիսկոպոսական յանձնախումբը կոչ ուղղած է երկրի կառավարութեան անյապաղ հաստատելու ազգային խորհուրդ մը ի սպաս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, ինչպէս վերջերս պահանջած է ազգային խորհուրդը։
Նման հաստատութեան մը ստեղծումը, եպիսկոպոսներու գնահատումով, յոյժ կարեւոր նուաճում մը կը նկատուի կրօնական ազատութեան երաշխաւորումին։
Իրաւագէտ մասնագէտներու կարծիքով փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ի խնդիր Ազգային խորհուրդ մը ստեղծելու որոշումը կը ներկայացնէ իրաւական միջոց մը պահպանելու կրօնական ազատութիւնը Փաքիստանի մէջ։
Պանկլատէշի մէջ խումբ մը ծայրայեղ մահմետականներ ներխուժում կատարած են կաթողիկէ իգական վանք ու կողպտելով զայն ու փորձելով բռնաբարել կրօնաւորուհիները։ Տեղւոյն կաթողիկէ համայնքի պատասխանատուներու համաձայն այս առաջին անգամն է որ նման արկած մը կը պատահի քանի կրօնաւորուհիները միշտ յարգանք վայելած են տեղական բնակչութեան կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.