2014-08-26 09:32:06

Սուրիոյ Քարիթասի նախագահի կոչը կնքելու խաղաղութեան համաձայնագիր մը


Սուրիոյ Քարիթասի նախագահը` գերապայծառ Անթուան Օտօ խօսելով Սուրիոյ կացութեան մասին, ուր ծայրայեղ մահմետականները ամէն օր նոր նուաճումներ կ՛արձանագրեն մեծ մտահոգութեան մատնելով քրիստոնեաները ըսաւ. ''մենք որպէս քրիստոնեաներ կը յուսանք ՄԱԿի միջամտութեամբ Սուրիոյ մէջ վերջապէս կնքուի հաշտութեան ու խաղաղութեան համաձայնութիւն մը։ Մենք պէտք ունինք խաղաղարար ոյժի մը։ Հալէպի իրավիճակը դժուար ու մտահոգիչ է։ Բնակչութիւնը կը տանջուի ջուրի եւ ելեկտրականութեան պակասէն։ Ապահովութիւն չկայ, ամէն կողմէ ռումբեր կը տեղան։ Կ`աշխատինք վերապրիլ, գործել ու մասնակցիլ քաղաքի այս տաժանելի կեանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.