2014-08-26 08:34:44

Սուրիա պատրաստակամութիւն յայտնած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս համագործակցելու միջազգային պետութեանց հետ։


Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի վերջին որոշումին ծիրին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ շրջանային եւ միջազգային պետութեանց, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետ գործակցելու եւ համակարգում կատարելու` շեշտելով, որ Սուրիան պէտք է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշնակցութեան մէջ ըլլայ` «եթէ այդ ուղղութեամբ լուրջ են»:
«Դամասկոս մինչեւ հիմա ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչութեամբ Արեւմուտքին կողմէ լրջութիւն չնշմարեց: Յառաջիկայ օրերը պիտի վճռեն, թէ շրջանային ու միջազգային պետութիւնները որքանո՛վ լուրջ են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին նկատմամբ», ըսաւ ան:
Սուրիական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց. «Սուրիական հողամասերուն վրայ առանց սուրիական կառավարութեան հետ գործակցութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերնագիրին տակ կատարուած որեւէ գործողութիւն յարձակում է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.