2014-08-25 11:09:33

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրած է Իրաքի քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն։


Հռոմի Պապը մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրատուութիւն ըրած է որպէս օգնութիւն Իրաքի այն քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն, որոնք իրենց տուներէն վտարուեցան ''իսլամական պետութեան' կողմէն, յայտնած է ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը կարտինալ ֆիլոնին` Catholic News Agency (CNA) ամերիկեան մամլոյ գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին։
Նշենք որ ներկայիս Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքին մէջ ապաստան գտած են Մոսուլէն վտարուած աւելի քան 70 հազար քրիստոնեաներ







All the contents on this site are copyrighted ©.