2014-08-25 11:07:05

Տամասկոսի մօտ առաքելական դեսպանը կը յայտնէ թէ միջազգային հասարակութիւնը մոռցած է Սուրիան։


''Սուրիոյ մէջ ամէն օր 180 հոգիներ կը սպաննուին''։


Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Տամասկոսի մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Մարիօ Զէնարի` մատնանշեց Սուրիոյ մէջ միջին հաշիւով, ամէն օր 180 հոգիներ կը սպաննուին եւ բռնութիւնը ամիսէ ամիս կը ծաւալի։ Ան ցաւով յայտնեց որ Միջազգային հասարակութիւնը մոռցած է Սուրիան։
Վատիկանի դիւանագէտի գնահատումով Սուրիոյ ընդհարումին երկար տեւեղութիւնը ունեցաւ ժխտական յեղաշրջում` իսլամական պետութեան ստեղծումը, որ ամէնուն յայտնի է բիրտ ու տմարդի վարմունքով։
Ապագան անծանօթ կը մնայ, թէեւ պէտք է հաւատալ ու վստահիլ Ամենախնամ Աստուծոյ, որ չի մոռնար իր արարածները։
Գերապայծառ Զէնարին նշեց որ բոլոր սուրիացիները` քրիստոնեայ թէ իսլամ կը տառապին Իսլամ Պետութեան յառաջդիմութենէն։ Սուրիացիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը չափաւորական է եւ զոհ են ծայրայեղ մահմետականներուն։ Յաչս այս քաոսին, միջկրօնական երկխօսութիւնը կը թուի անհրաժեշտ եւ հարկաւոր։ Գերապայծառ Զէնարի կոչ ուղղեց միաստուածեան երեք կրօններու պատասխանատուներուն, կրկնապատկելու իրենց ջանքերը, քաջալերելու խաղաղութիւնը եւ աղօթելու խաղաղութեան հաստատումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.