2014-08-25 10:59:50

Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարին համար Իրաքի ընդհարումը իսլամ-քրիստոնեայ առճակատում մը չէ։


''Իսլամներու մեծամասնութիւնը կը մերժէ իսլամական պետութիւնը''։
Կարտինալ Փարոլին` Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը մամլոյ հետ ելոյթ ունենալով հաստատած է որ Իրաքի ընդհարումը իսլամ-քրիստոնեայ առճակատում մը չէ եւ թէ մահմետականներու մեծամասնութիւնը կը մերժէ իսլամ պետութեան վայրենի ու տմարդի վարուելակերպը։
Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը ապա ընդգծած է միջազգային հասարակութեան միջամտութեան հարկաւորութիւնը, որպէսզի Իրաքը առանձին չգտնուի լուծելու իր հարցերը։
Կարտինալ Փարոլին հուսկ յայտնեց իր մտահոգութիւնը հանդէպ Իրաքի քրիստոնեաներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն ըսելով. ''աղօթքս է որ անոնք շուտով կարողանան իրենց տունը վերադառնալ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.