2014-08-25 10:30:05

Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն նախաձեռնութիւններ առաջադրելու` նախքան 2 Սեպտեմբերը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ հաղորդակցութեան լաւագոյն միջոցը երկխօսութիւնն է, որ հիմնուած է այն համոզումին վրայ, թէ ուրիշը շինիչ բան մը ունի փոխանցելիք, եւ այդ սկզբունքին հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ կարծիքներ փոխանակել եւ լուծումներու յանգիլ:
«Լիբանանի մէջ հիմնական հարց է այն իրողութիւնը, որ մարդիկ իրենց տեսակէտները կ՛ուզեն ամէն գնով պարտադրել, առանց ուրիշին կարծիքը լսելու: Այս իրականութեան պատճառով է, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերն ու երեսփոխանական պլոքները ինկած են նախագահական ընտրութիւն չկատարելու եւ խորհրդարանին օրինաթիւի գոյացումը խախտելու ծուղակին մէջ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն, որ նախագահական ընտրութեան տասը ապարդիւն նիստերէն ետք եւ նախքան 2 սեպտեմբերի նախագահական ընտրութեան նիստը, քաջ նախաձեռնութիւններ առաջադրեն, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ նախագահական ընտրութիւնը խանգարող քայլերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.